Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱՎԷՃԵՐ

January 9, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Նիու Հեմփշայր նահանգի Մանչեսթըր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած են նախագահութեան հանրապետական թեկնածուներու բանավէճերը: Նախագահութեան հանրապետական թեկնածուի ընտրութեան Նիու Հեմփշայրի հանգրուանին յաղթանակ արձանագրելու գլխաւոր թեկնածուները կը նկատուին Փենսիլվանիայէն նախկին քոնկրեսական Ռիք Սանթորումն ու Մասաչուսեցի նախկին նահանգապետ Միթ Ռոմնին:

Վերջերս Ռոմնիի դիրքերը ամրապնդուած են: Երեքշաբթի օր ան Այոայի մէջ յաղթանակ արձանագրած էր, իսկ ըստ հարցախոյզերուն, ան Նիու Հեմփշայրի մէջ ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն վայելող հանրապետական թեկնածուն է:

90 վայրկեան տեւողութեամբ բանավէճի ընթացքին Ռոմնին ինքզինք դրսեւորած է իբրեւ յաղթող: Ան հիմնականին մէջ քննադատած է Սպիտակ տան ներկայ ղեկավարը: «Օպամայի վարած քաղաքականութիւնը խորացուցած է արտադրութեան անկումը», ըսած է Մասաչուսեցի նախկին նահանգապետը` անտեսելով այն տուեալները, ըստ որոնց, Միացեալ Նահանգներուն մէջ գործազրկութեան համեմատութեան մակարդակը նկատառելի անկում կրած է:

Ռիք Սանթորումին զօրակցող Քոնկրեսի նախկին նախագահ Նիւթ Կինկրիչ Ռոմնիին յիշեցուցած է, որ երբ ան ժամանակին «Պէյն Քափիթըլ» ընկերութիւնը կը ղեկավարէր, բազմաթիւ աշխատակիցներ ընկերութենէն վտարուեցան եւ գործազուրկներ դարձան:

Ներկուսակցական քուէարկութիւնները Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրապայքարի առաջին հանգրուանն են: 10 յունուար 2012-ին պիտի որոշուի Հանրապետական կուսակցութեան միասնական թեկնածուն, որ  6 նոյեմբեր 2012-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան ընթացքին պիտի մրցի դեմոկրատական թեկնածու, Միացեալ Նահանգներու այժմու նախագահ Պարաք Օպամայի դէմ:

 

 

Նախորդը

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԻՍԼԱՄԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԻՐԵՆՑ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔԸ

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆԱԽԱԴԷՊ ՄԸ. ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԿԻՆ ՊԵՏ ԶՕՐ. ՊԱՇՊՈՒՂ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԵՑԱՒ, ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԵՑԱՒ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։