34-Ամսեայ Հաշուեկշիռ` 493 Պարագայ
ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը փետրուար ամսուան ընթացքին ընդառաջեց 6 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ յունուար 2020 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացան 486 պարագայ:
Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում չէ կատարուած:
Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարեցին 6 պարագաներ, որոնք արժանացան ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Ընտանիքի բազմացման ֆոնտէն (3-րդ երեխայ եւ աւելի) օգտուեցաւ 1 նորածին` 2 հազար ամ. տոլար:
Այս ձեւով անցնող 34 ամիսներուն` մայիս 2017-էն փետրուար 2020 ամիսներուն Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացան 493 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


