Չինաստանէն տարածուած «Քորոնա» ժահրին պատճառով, յառաջիկայ ամրան տեղի ունենալիք «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը կրնայ կա՛մ ջնջուիլ, եւ կամ յետաձգուիլ, անորոշ թուականով: Այս մասին հաղորդեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին փոխնախագահ Միշել Ուվա:
Յայտնած էինք, որ այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 12 յունիսէն 12 յուլիս:
Ան ըսաւ, որ թէեւ կազմակերպութիւնը կը փափաքէր մրցաշարքին կայացումը, սակայն միեւնոյն ժամանակ ալ չի կրնար վտանգել մարդոց առողջութիւնն ու կեանքը:



