Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Իրանի մէջ տեղի ունեցող «Կասպիան բաժակ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող 6 ճատրակ խաղացողներուն մէջ ցարդ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած է կրանտմասթըր Գէորգ Յարութիւնեան, որ առաւելագոյն 6 կէտէն ապահոված է նոյնքան կէտ:
Լեւոն Բաբուջեան (կրանտմասթըր) եւ Սիրանուշ Ղուկասեան (աղջկանց միջազգային վարպետ) 5-ական կէտով կը բաժնեն 3-րդ դիրքը:
Հայկ Երիցեան ապահոված է 4,5 կէտ, մինչ Մարիամ Աւետիսեան եւ Աստղիկ Յակոբեան` 3,5-ական կէտ:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 7 երկիրներու 202 ճատրակ խաղացողներ: Անոնց կարգին են 8 կրանտմասթըրներ:



