Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսթաքպալ Հոսանքը Այսօր Կը Նշէ Նախկին Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի Նահատակութեան 15-Ամեակը

February 14, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ անոր հետ նահատակուած ընկերակիցներուն դամբարանները, ուր հաստատեց, որ Ռաֆիք Հարիրի սովորական անձնաւորութիւն մը չէր, որ մոռցուի` աւելցնելով, թէ ան արաբ ազգին ներկայացուցիչն էր, եւ պետական այր մը, որ փրկարար տեսլականով օժտուած էր:

Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` իրենց միասնականութիւնը ամրապնդելու, հաստատելով, որ անիկա հիմնուած է լիբանանցիներուն յառաջդիմութեան եւ առաջատար ըլլալուն վրայ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը Լիբանանի ապագային դէմ գործուած ոճիր է:

Ան յայտնեց, որ Հարիրիի նահատակութեան 15-ամեակը կը զուգադիպի Լիբանանի դիմագրաւած զգայուն մարտահրաւէրներու փուլի մը, որուն ընթացքին Լիբանան դէմ յանդիման կը գտնուի տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային դժուար պայմաններու:

«Նահատակ վարչապետը քաղաքացիական պատերազմէն ետք Լիբանանի վերաշինութեան արշաւի մը սկսաւ եւ այդ պատերազմին հետքերուն վերջ մը դրաւ: Մենք այսօր կարիքը կը զգանք Ռաֆիք Հարիրիի արաբական եւ միջազգային հզօր ներկայութեան` նիւթական ահաւոր վիճակէ մը փրկելու համար Լիբանանը: Հարիրիի սպանութիւնը լիբանանցիներուն երազներուն եւ Լիբանանի ապագային դէմ գործուած ոճիր է, որովհետեւ Հարիրի Լիբանանը կ՛ուզէր վերածել շրջանին եւ աշխարհին փարոսին», հաստատեց ան:

Նշենք, որ Մուսթաքպալ հոսանքը հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 15-ամեակին առիթով այսօր` ուրբաթ, 14 փետրուար 2020-ի յետմիջօրէին, Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ տեղի ունենալիք յիշատակի ձեռնարկը ի զօրու է: «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հեռու պահուած են Հարիրիի նահատակութեան 15-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին մասնակցելէ:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Շարլ Ժապպուր հաստատեց, որ իրենք նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 15-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին պիտի մասնակցին` աւելցնելով, որ ապահովական պատճառներով չեն կրնար հաստատել Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ներկայութիւնը: Ան նշեց, որ ասիկա պիտի ըլլայ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու բարելաւումի առիթ:

 

 

Նախորդը

Պասիլ – Ռիչըրտ Հանդիպում

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ . Աուն Նախագահեց Տնտեսական-Ելեւմտական Բնոյթի Եւ Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստերուն

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.