Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծառայասէր Եւ Վաստակաշատ Բժիշկ Ժոզեֆ Կիտանեանի Յիշատակին

February 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր առաջ դաժան մահը վերջ դրաւ մեզի շատ սիրելի անձի մը` տոքթ. Ժոզեֆ Կիտանեանին կեանքին, խոր վիշտ պատճառելով իր ընտանիքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն:

Ծնած է Հալէպ, 22 հոկտեմբեր 1943-ին: Նախնական ուսումը ստացած է Լազար Նաճարեան վարժարանին մէջ, ապա բժշկութեան հետեւած է Երեւանի բժշկական համալսարանին մէջ: Հոգեբանութեան մասնագիտութիւնը շարունակած է Սկովտիոյ «Ռոյըլ հոսփիթըլ աֆ Էտինպըրկ»-ի մէջ: Ջղաբանութեան մասնագիտութիւնը ստացած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն:

Ուսումը աւարտելէ ետք` վերադառնալով Լիբանան, հիմնած է երկու անձնական դարմանատուն, միեւնոյն ատեն ըլլալով Լիբանանի հոգեբանական հիւանդանոցի գլխաւոր բժշկապետը: Աշխատած է Ճինիշեան հաստատութեան մէջ` իբրեւ գլխաւոր հոգեբան: Աշխատակցած է ոչ կառավարական հաստատութիւններու հետ, որոնց վերջինը` «Սեսոպել»: Տոքթ. Կիտանեան յաճախ տուած է հանրային դասախօսութիւններ` հայկական եւ տեղական կազմակերպութիւններու մէջ: Հիմնադիր անդամ է Լիբանանի հոգեբուժական միութեան:

Տոքթ. Կիտանեան իր ազնիւ հոգիով, դէմքի բարի ժպիտով, անձնուէր եւ համեստ բնաւորութեամբ սիրուած էր բոլորէն եւ յարգանքը կը վայելէր իր շրջապատին:

Երեսուն տարիներ առաջ անողորմ ճակատագիրի պատճառով անարգ յարձակումի մը կ՛ենթարկուի` կորսնցնելով իր ոտքը, որուն պատճառով այդքան աշխուժ եւ եռանդուն մարդը կը դառնայ նստակեաց: Սակայն իր զօրաւոր կամքին շնորհիւ` կը թօթափէ բոլոր դժուարութիւնները եւ դարձեալ կը նուիրուի իր աշխատանքին, իր այնքան սիրած գործին` հոգալով ժողովուրդին առողջապահական եւ ընկերային կարիքները:

Ան տեղական եւ հայկական գետնի վրայ ստանձնած էր զանազան պաշտօններ եւ իր տիպար հայու ուղիղ նկարագիրով, հանդարտ ու համերաշխ կեցուածքով, լաւութեամբ կը համակէ բոլորը ու կ՛ըլլայ օրինակելի ու հաւասարակշռուած ներկայութիւն ամէնուրեք` հաւատալով մարդասիրական եւ բարեսիրական վեհ առաքելութեան:

Ազգային շունչով եւ ոգիով դաստիարակուած Ժոզեֆ Կիտանեան նաեւ նուիրուած է ազգի ծառայութեան` ազգային-հասարակական կեանքին մէջ դերակատար դառնալով: Անդամակցած է Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան, եղած է «Սարգիս Հաժժար» համալսարանական ֆոնտի նախագահ, Հայ շրջանաւարտներու միութեան անդամ եւ վարչական պաշտօններ ստանձնած է: Խնամակալ մարմինի անդամ էր Ազգային Գէորգ Չաթալպաշեան վարժարանին: Երկար տարիներ անդամ եղած է Ազգային առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդին եւ վերջին տասնամեակին ստանձնած է անոր ատենապետի պաշտօնը: Տակաւին, մարդասիրական առաքելութիւն կատարած է եւ պատերազմի տարիներուն իբրեւ հայ բժիշկ միշտ ներկայ եղած է Սի. Էմ. Սի. հիւանդանոցին մէջ եւ օգտակար դարձած է բոլորին անխտիր:

Տոքթ. Ժոզեֆ Կիտանեան տիպար հայր էր իր ընտանիքին: Ան ճիգ չխնայեց իր ազնիւ ու բարի հոգին փոխանցելով իր տիկնոջ` Մարալին եւ իր զաւակներուն` Շահանին ու Սերժին, որոնց փոխադարձ սէրը այնքան մեծ էր ու յարգալիր` իրենց ամուսնոյն եւ հօր նկատմամբ:

Տոքթ. Կիտանեան ապրեցաւ ոչ միայն իր անձնական կեանքի մտահոգութեամբ, այլեւ` իր ազգին հոգերով, մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը: Անոր մտահոգութիւնը տեւաբար եղաւ հայ ընտանիքն ու հայ դպրոցը:

Բիւր յարգանք, խունկ ու աղօթք` քու անթառամ յիշատակիդ, սիրելի՛ տոքթոր:

Հողը թեթեւ գայ վրադ ու հանգիստ` յոգնատանջ մարմինիդ:

ՍԳԱԿԻՐ ՀԱՐԱԶԱՏ ՄԸ

 

Նախորդը

Նամականի

Յաջորդը

Հայկական PR Մրցանակ` «Ազդակ»-ին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.