Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անձնական Մտորումներ. «Ամէն Բան Մեզի Համար Է»

February 7, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ

Այո՛, «ամէն բան մեզի համար է»: Այսպէս ըսած են մեր մեծերը, եւ այսպէս ալ կը շարունակեն ըսել խոհեմ մարդիկ:

Եւ եթէ ճիշդ է այս ասացուածքը, ուրեմն աշխարհի վրայ այն, ինչ որ կը պատահի, անպայման պէտք է պատճառ մը ունենայ, եւ կամ ալ այս կամ այլ ձեւով բացատրելի ըլլայ:

Չեմ կարծեր, թէ երկրագունդին վրայ կը գտնուի երկիր մը կամ լրատուական գործակալութիւն մը, որ երկարօրէն եւ օրերով չանդրադարձաւ եւ չարձագանգեց յունուար 26-ին Քալիֆորնիոյ մէջ պատահած ուղղաթիռի մը ահաւոր աղէտին:

Ահաւոր աղէտ, որովհետեւ ուղղաթիռի ծանր արկածին պատճառով զոհուած էին,  պասքեթպոլի աշխարհահռչակ աստղ Քոպի Պրայընթի եւ իր 13 տարեկան աղջնակին կողքին,  նաեւ եօթը ուրիշներ: Անկասկած, Քոպիի համբաւն ու աշխարհահռչակ ըլլալը պատճառ եղան արկածի տեղեկութիւններուն կայծակի արագութեամբ տարածուելուն եւ լուրերու ու հաղորդակցութիւններու մէջ առաջնահերթ տեղ գրաւելուն:

Սակայն, անկեղծօրէն, մտածումներուս եւ այս տողերուս պատճառը այդ չէ. այլ այս ահաւոր դէպքին անըմբռնելի ըլլալն է, անոր պատճառով յառաջացած հոգեկան ներքին յուզմունքս է, կեանքի անարդարութեան դէմ եւ անոր հանդէպ ունեցած պոռթկումս է:

Պատճառը բազմաթիւ «ինչո՞ւ»-ներուս անպատասխան մնալն է:

Այսպէս,

Ինչո՞ւ հազիւ 13 գարուններ բոլորած երեք անմեղ աղջնակներու կեանքը ակնթարթի մը մէջ վերջ պիտի գտնէր:

Ինչո՞ւ 3 անչափահաս մանուկներ առանց մօր գուրգուրանքի պիտի մնային:

Ինչո՞ւ մանուկ աղջիկ մը պիտի որբանար` յաւիտեանս բաժնուելով իր մօրմէն, հօրմէն ու քրոջմէն եւ պիտի զրկուէր անոնց տաքուկ շունչին տակ հասակ առնելէ:

Ինչո՞ւ երկու փոքր աղջիկներ  իրենց նորածին քրոջ հետ պիտի կորսնցնէին իրենց հոգատար հայրն ու սիրելի քոյրը:

Ինչո՞ւ… ինչո՞ւ… եւ անհատնում «ինչ՞ու»-ներ…

Մինչեւ օրս այս ողբերգական պատահարը ինծի եւ գուցէ իմ նմաններուս համար կը մնայ  անբացատրելի: Անհաւատալի: Անըմբռնելի:

Անբացատրելի… ո՛չ թէ գիտական առումով:

Անհաւատալի… ո՛չ թէ մերժողական ըլլալու տրամադրութեամբ:

Անըմբռնելի… ո՛չ թէ բացասական վերաբերում ունենալու միտումով:

Ըսի ու կը կրկնեմ, աղէտալի այս դէպքէն ի վեր ներքին բողոքի զգացում մըն է, որ կը ճնշէ հոգիս: Ինքնածին ներքին պայքար մըն է, որ կ՛ապրիմ ամէն օր: Արդարացուցիչ եւ բացատրելի յենակէտ մը կ՛ուզեմ գտնել` մեղմացնելու յուզումս եւ նոյն ատեն թեթեւցնելու հոգիս ճնշող ծանրութիւնը: Սակայն ապարդի՛ւն: Ուստի յուսահատ` Աստուծոյս կ՛ուղղեմ պոռթկումս եւ հոնկէ ալ հոգեկան գոհունակութիւն չստանալով` կը մեղանչեմ: Զինք` մեր Աստուծոյն, այս մեր պաշտած Ամենակալին է, որ մեղաւոր կը համարեմ:  Չէ՞ որ Սուրբ Գիրքի համաձայն,  «Տերեւն անգամ չի շարժիր առանց Աստուծոյ գիտակցութեան», ուրեմն այս աղէ՞տն ալ Անոր գիտակցութեամբ կատարուած կամ պատահած էր: Անոր իսկ թոյլտուութեա՞մբ: Ուրեմն Ան համաձա՞յն էր, որ անմեղ մանուկներ այս ճակատագիրին ենթարկուէին: Արդեօք կարելի՞ է, որ Աստուած գիտակցաբար այս ողբերգութիւնը թոյլատրեց:

Ո՛չ, պիտի չընդունիմ նման եզրակացութեան մը  յանգիլ, պիտի չուզեմ մեղանչել: Եւ ընդունելի պատասխան մը որոնելով ու երկար մտածելէ ետք եկայ այն համոզումին, որ Աստուած, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ուզած է պատգամ մը փոխանցել մեր բոլորին: Զգուշ եւ խոհեմ ըլլալու եւ մնալու ահազանգ մըն է, որ հնչեցուցած է մարդկութեան. վերջ ի վերջոյ «բան մը ըսել» ուզած է մեր բոլորին: Աստուած ուզած է յիշեցնել, որ երկրային կեանքը յաւիտենական չէ, ուզած է, որ գիտակցինք, թէ մեր ապրած այս կեանքը լի է անակնկալներով եւ աղէտներով. աղէտներ ու չար պատահարներ, որոնք տարիք, նիւթական կարգավիճակ, սեռ եւ ցեղ չեն ճանչնար: Անկասկած մեր Ամենակալը ուզած է զգուշացնել մեր բոլորն անխտիր եւ առանց բացառութեան, թէ` կեանքի անակնկալները միշտ նախազգուշացումներով չէ, որ կը յայտնուին:

Եւ այո՛, «Ամէն բան մարդկութեան համար է»: Պէտք է գիտնալ, որ կեանքը կրնայ շատերուն համար կարճ ըլլալ: Ուստի անդրադառնանք մեր ժամանակին թանկագին ըլլալուն: Ըմբռնենք  ու գնահատենք կեանքի իսկական իմաստն ու արժէքը: Տարին անգամ մը բարեմաղթութիւններ ու խոստումներ տալով չբաւարարուինք: Գիտակցինք, թէ հաւանական է, որ ժամանակը չունենանք մեր սէրն ու գուրգուրանքը արտայայտելու մեր զաւակներուն եւ հարազատներուն, առիթը չունենանք մեր յարգանքն ու համակրանքը ցուցաբերելու մեր բարեկամներուն եւ ընկերներուն, ուշ անդրադառնալով` չկարենանք սրբագրել մեր սխալները եւ կատարել մեր խոստումները:

Ուստի անվերապահ սէր եւ հոգատարութիւն ցուցաբերենք մեր զաւակներուն եւ հարազատներուն, համակրանք ու յարգանք` մեր շրջապատին. ըլլանք ներողամիտ եւ ո՛չ ոխակալ: Գուրգուրանք եւ պահպանենք ա՛յն, որ մեր կեանքը կ՛արժեւորէ եւ մեր գոյութիւնը կ՛իմաստաւորէ:

Այո՛, պէտք է գիտակցինք, որ` «Ամէն բան մեզի համար է», եւ մեր կեանքի ընթացքին ամէն բան, որ կը պատահի մեզի ծանօթ եւ անծանօթ պատճառը ունի: Ուստի մեզմէ իւրաքանչիւրին կը մնայ իմաստաւորել եւ մեկնաբանել պատահարն ու անոր պատճառները:

Կլենտէյլ, յունուար 2020

 

Նախորդը

Հայաստանի Ներկան Երբ Դիտենք, Կրնա՞նք Չմտահոգուիլ Անոր Ապագայով

Յաջորդը

Ինչպէ՞ս Ձեռք Չսեղմել, Կամ` Թրամփի Եւ Մաքրոնի Տարօրինակ Ձեռքսեղմումը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.