Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումին ընթացքին Պուխարի հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի բոլոր լիբանանցիներուն եւ երկրին պետական բոլոր կառոյցներուն:
Պուխարի ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա նախանձախնդիր է լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւններու պահպանումին, ինչպէս նաեւ կը դրուատէ Տար Ֆաթուայի դերակատարութիւնը` Լիբանանի տագնապը լուծելու առումով:
Ան մաղթեց, որ յառաջիկայ օրերուն Լիբանանի վերեւ գտնուող սեւ ամպերը վերանան եւ ապահովական կայունութիւնը, ազգային միասնականութիւնը եւ համերաշխութիւնը ամրապնդուին երկրին մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ արաբ եղբայրներուն միջեւ գործակցութիւնը վերականգնի` արաբական երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն բարիքին համար:
Պուխարի նշեց նաեւ, որ Սէուտական Արաբիա կառչած կը մնայ պետութիւն ունենալու պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքին` աւելցնելով, որ Ռիատ կը հաւատայ արդար լուծումին եւ Պաղեստինի հիմնումով, պայմանով որ անոր մայրաքաղաքը ըլլայ Արեւելեան Երուսաղէմը:



