Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղեստինեան Արշիպեղագոս

February 4, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Երուսաղէմ մայրաքաղաքով Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս, Արաբական Լիկայի արտակարգ ժողովին, որ յատկացուած էր Թրամփի Միջերկրականի յատուկ ծրագիրի քննարկման, յայտարարեց. «Թրամփ հեռաձայնեց ինծի ու սկսաւ բացատրել ծրագիրը, եւ երբ յայտնեց, թէ որոշած է Երուսաղէմը ընդգրկել իսրայէլեան հողերու քարտէզին մէջ, ես հեռաձայնը նոյն վայրկեանին գոցեցի` ընդհատելով անոր հեռախօսազրոյցը»:

Ապպասի որդեգրած քայլը պարզ քայլ մը չէ. Ապպասի քայլը պատմական եւ անզուգական քայլ է` բխած հայրենասիրութեան, արժանապատուութեան ու պահանջատիրութեան աղբիւրէ:

Պատմութեան ընթացքին ո՞վ համարձակած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի մը հեռախօսազրոյցը ընդհատել` ընկալուչը վար դնելով, մանաւանդ այսպիսի ճգնաժամային շրջանի մը:

Սակայն հետաքրքրականը այն է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին յայտարարեց, թէ ինք Ապպասի հետ հեռախօսազրոյց ունեցած է` Պաղեստինի յատկացուելիք հողերու նիւթով:

Սուտը կլորել ու գլորելը դիւրին է, մանաւանդ երբ կ՛օգտագործուի աշխարհի հզօրագոյն երկիրներէն մէկուն նախագահական աթոռը:

Ապպաս յայտնեց, թէ ինք նոյնիսկ մերժած է Թրամփէն ստանալ իրեն ուղարկուած յատուկ նամակներ:

Մինչ Ապպաս կը յայտարարէ խզել Պաղեստինի բոլոր կապերը, նոյնիսկ ռազմական, Ուաշինկթընի հետ, որ Կոլանի բարձունքները տակաւին նոր յանձնած էր Իսրայէլի, Թրամփ կամուրջներով ու փապուղիներով միացուած արշիպեղագոս մը կը խոստանայ Պաղեստինին` իսրայէլեան ովկիանոսին մէջ:

 

 

Նախորդը

«Հայաստան Եւ Ազրպէյճան. Մրցակցութեան Անատոմիա». Գրախօսութիւն

Յաջորդը

«Դարու Գործարք»-ը

RelatedPosts

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան
Անդրադարձ

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան

October 15, 2026
Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը
Անդրադարձ

Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը

October 15, 2026
«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.