Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՄԵԾ ԳՈՂՈՒԹԻՒՆ

January 6, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անհետացած քանդակը եւ դատարկ պատուանդանը:

ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԱՅՐԻ ՄԸ ՄԷՋ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐ ՀԱՐՍՏԱՑՆՈՂ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԻՆ, ՆՈՅՆԻՍԿ ԵՐԲ ՉԵՆ ԳՈՀԱՑՆԵՐ ԲՈԼՈՐԻՆ ՃԱՇԱԿԸ: ՍԱԿԱՅՆ ՎԵՐՋԵՐՍ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻՔ ՍՏԻՊՈՒԱԾ ԵՆ ԶԱՆՈՆՔ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ՆՈՅՆԻՆՔՆ ԱՅՆ ՀԱՆՐՈՒԹԵՆԷՆ, ՈՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԵՆ ԱՆՈՆՔ: ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻՔ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ՔԱՆԴԵԼ ԻՐԵՆՑ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ` ԶԱՅՆ ՀՈՒՄ ՆԻՒԹԻ ԳԻՆՈՎ ՎԱՃԱՌԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: ԱՅՍՊԷՍ, ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ ԿԷՍԵՐՈՒՆ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԳՈՐԾ ՄԸ ԳՈՂՑՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՄԵՏԱՂԻ ԱՐԺԷՔԻՆ ՀԱՄԱՐ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԳՐԷ, ԹԷ ԱՐԱՐՔԸ ՆՈՐԱԳՈՅՆՆ ԷՐ` ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԾԱՒԱԼԱԾ ՆՄԱՆ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ (ՏԵՍՆԵԼ ՆԱԵՒ ՔՈՎԻ ՍԻՒՆԱԿՆԵՐԸ):

Վարձատրութիւն մը խոստացուած է անոր, որ ճշգրիտ տեղեկութիւն կը փոխանցէ 20-րդ դարու բրիտանացի մեծագոյն քանդակագործներէն` Պարպրա Հեփուըրթի պրոնզէ «անփոխարինելի» գործին մասին, որ դեկտեմբերին գողցուեցաւ Լոնտոնի մէկ զբօսայգիէն:

Պարպրա Հեփուըրթի «Թու ֆորմզ (Տիվայտըտ սըրքըլ)» վերնագիրով քանդակը նորագոյն թիրախն է Բրիտանիոյ տարածքին ծաւալած մետաղի գողութեան յանցագործութիւններուն շարքին, մինչ մետաղներուն գինը կը շարունակէ բարձրանալ: Մասնագէտներ այն մտավախութիւնը կը յայտնեն, թէ քանդակը կրնայ վաճառուիլ իր հում նիւթին գինով: Արուեստի այս գործը ապահովագրուած էր կէս միլիոն սթերլինի: Անիկա Տալուիչի զբօսայգիէն գողցուեցաւ դեկտեմբեր 16-ին: Յաջորդ օր զբօսայգիին պահակներէն մէկը նկատեց, թէ զբօսայգիին դարպասներէն մէկը խորտակուած էր եւ անիւի հետքեր կը տարածուէին դատարկ պատուանդանէն անդին: Սաութուըրքի քաղաքապետական խորհուրդը 1000 սթերլին խոստացած է անոր, որ տեղեկութիւն կը փոխանցէ գողերուն ինքնութեան վերաբերեալ` առաջնորդելով անոնց ձերբակալութեան ու դատապարտումին:

Տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչ Փիթըր Ճոն կ՛ըսէ. «Աղէտալի է հանրութեան պատկանող 20-րդ դարու արուեստի այս յատկանշական գործին կողոպուտը Տալուիչի զբօսայգիէն: Հանրութեան պատկանող արուեստի գործերու եւ մետաղէ իրերու կողոպուտը հետզհետէ կը վերածուի մտահոգիչ համաճարակի»:

Կ՛ենթադրուի, թէ մետաղի կողոպուտը Բրիտանիոյ տնտեսութեան կ՛արժէ տարին 700 միլիոն սթերլին: Տալուիչ զբօսայգիին մէջ կատարուած գողութենէն մէկ օր առաջ Սքոթլընտ Եարտ յայտարարած էր Աղբի եւ մետաղի գողութեան դէմ պայքարող ոստիկանական ջոկատի մը կազմութիւնը, որուն նպատակն էր Լոնտոնի մէջ հետապնդել հարցը: Փիթըր Ճոն դիմած է այս ջոկատին, որպէսզի հետաքննէ քանդակին անհետացումը:

Հեփուըրթ մահացած է 1975-ին եւ կը նկատուի Բրիտանիոյ ժամանակակից ամէնէն լաւ քանդակագործներէն մէկը: Մեծն Լոնտոնի քաղաքապետութիւնը 1970-ին գնած էր «Թու ֆորմզ» վերնագիրով անոր գործին 6 օրինակներէն մէկը: Մեծն Լոնտոնի քաղաքապետութեան կազմալուծումէն ետք Սաութուըրքի քաղաքապետութեան փոխանցուած էր Տալուիչ զբօսայգիին մէջ զետեղուած քանդակին սեփականութիւնը:

Ասիկա մետաղի համար քանդակի մը գողութեան զգայացունց առաջին դէպքը չէ: 2005-ին գողեր կռունկ եւ փոխադրակառք գործածելով` պոկեցին Հենրի Մուրի «Ռիքլայնինկ ֆիկըր» վերնագիրով քանդակը` Հըրթֆորտշըրի մէջ Հենրի Մուրի հիմնարկին կալուածէն: Ոստիկանութիւնը կը հաւատայ, թէ 3 միլիոն սթերլին արժողութեամբ քանդակը հալեցուած է եւ վաճառուած` մետաղի գինով, այսինքն` 1500 սթերլինի:

Ռոչ Քորթի (Ուիլթշըր) մէջ քանդակներու Նիւ Արթ կեդրոնի զբօսայգիին եւ պատկերասրահին արուեստի գործերու պատասխանատուն` Սթիֆըն Ֆիք կ՛ըսէ. «Մուրի քանդակին գողութենէն ի վեր ամէն ոք շատ աւելի ուշադիր է բացօթեայ ցուցադրուած արուեստի գործերու նկատմամբ: Մարդիկ անդրադարձած են նման գործերու խոցելի բնոյթին եւ խստացուցած են ապահովութեան միջոցառումները»:

Նոյեմբերին ընկերային բարեկարգիչ Ալֆրետ Սոլթըրի պրոնզէ դիմաքանդակը գողցուեցաւ Ռոթըրհայթէն: Բրիտանիոյ մետաղի շրջանառութեան ընկերակցութեան բանբեր Ռիչըրտ Թրուման անմիջապէս յայտարարեց, թէ մետաղի գողութիւնը «մեծ հարց մըն է, որ հետեւանք է մետաղի գիներու համաշխարհային մագլցումին»: Երկաթգիծեր, ճամբու նշաններ, վառելանիւթի խողովակներ եւ պատերազմի յուշակոթողներ դարձած են գողերու թիրախ: Թրուման կը բացատրէր, թէ գողեր յաճախ իրենց գողցած իրերը երկրէն դուրս կ՛ուղարկէին բեռնատար նաւերով կամ զանոնք կը վաճառէին մետաղէ անպէտ իրերու ապօրինի գործառնութեամբ, եւ թէ` պղինձին գինը կրկնապատկուած է վերջին երկու տարիներուն. իւրաքանչիւր թոնը կ՛արժէ 5000 սթերլին:

 Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Նախորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԳՈՂՑԱՆ ԿԱՅԱՐԱՆԻՆ ԱՆՄԻՏ ՔԱՆԴԱԿՆԵՐԸ

Յաջորդը

ԾՆՆԴԵԱՆ ԽՈՀԵՐ. ԱՆՓՈՓՈԽ ՔՐԻՍՏՈՍ` ՓՈՓՈԽԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.