Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըթթի Կիպրացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւններն Ու Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

February 1, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քրիսթոտոլիտեսն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Ապա երկու նախարարները ունեցան դռնփակ կարճ հանդիպում մը, որմէ ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին ընդգծեցին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Հըթթի շեշտեց, որ լիբանանեան-կիպրական յարաբերութիւնները հեզասահ են` աւելցնելով, որ նաւթի եւ բնական կազի մարզին մէջ գործակցութիւնը զոյգ երկիրներուն համար ալ փայլուն ապագայ պիտի ապահովէ:

Ան շեշտեց, որ քննարկուած է Լիբանանին օժանդակելու Կիպրոսի դերակատարութիւնը, որպէսզի Լիբանան կարենայ ելեւմտական եւ տնտեսական իր տագնապներէն դուրս գալ:

Հըթթի հաստատեց, որ Լիբանան եւ Կիպրոս կը տառապին միջազգային որոշումներու եւ բանաձեւերու պակասէն:

Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած է «Դարու գործարք»-ը` աւելցնելով, որ ինք հաստատած է, թէ Լիբանան կառչած կը մնայ իր սկզբունքներուն, որոնց շարքին է զօրակցիլ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան, այսինքն` մայրաքաղաք Երուսաղէմով անկախ Պաղեստինի մը գոյութեան:

Հըթթի նկատել տուաւ նաեւ, որ քննարկած է Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, որ ծանրացուցած է լիբանանեան պետութեան բեռը:

«Անհրաժեշտ նկատեցինք նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը», շեշտեց ան:

Իր կարգին, Քրիսթոտոլիտես յայտնեց, որ այս այցելութիւնը Պէյրութ կատարած իր առաջին այցելութիւնն է` նշելով, որ Հըթթի հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը բարեկարգումներ պիտի գործադրէ` իրականացնելով լիբանանցի ժողովուրդին ձգտումները:

Քրիսթոտոլիտես հաստատեց, որ Կիպրոսի համար կարեւոր է նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին եւ անոր հետ արդէն առկայ հեզասահ յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդել:

Ան ընդգծեց լիբանանեան – կիպրական փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Կիպրոս կը զօրակցի Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան, ապահովական կայունութեան եւ բարգաւաճման:

Հանդիպում` Ուժանիւթի Նախարարին Հետ

Քրիսթոտոլիտես հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժարի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին կիպրացի նախարարը շեշտեց Լիբանանի հետ գործակցութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս նաւթի մարզի բարգաւաճման առումով, որպէսզի կարելի ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնն ու յարաբերութիւնները ամրապնդել:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ ստորագրուած նաւթի ու բնական կազի մարզերուն վերաբերող համաձայնագիրները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Ղաժար շնորհակալութիւն յայտնեց Քրիսթոտոլիտեսի` Լիբանան այցելութիւնը նախաձեռնելուն առիթով, նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը տակաւին իր աշխատանքային ծրագիրը կը մշակէ` իր աշխատանքները պաշտօնապէս սկսելու նպատակով:

Ղաժար եւ Քրիսթոտոլիտես համաձայնեցան աշխուժ գործակցութեան շուրջ` ընդգծելով, որ այդ գործակցութեան մէջ կը կայանայ աշխատանքին արդիւնաւէտ ըլլալը:

 

Նախորդը

«Կը Հաստատենք Մարզական Ֆետերասիոններուն Մեր Զօրակցութիւնը` Նկատի Ունենալով Տնտեսական Իրավիճակը» Շեշտեց Նախարար Օհանեան-Գէորգեան

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Եւ Շրէյմ Ընդգծեցին Գաղթականներու Հարցերու Նախարարութեան Աշխատանքները Աւարտելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.