5 Դիմումի Ընդառաջում` Դեկտեմբեր
Եւ Յունուար Ամիսներուն
33-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 486 Պարագայ
ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը դեկտեմբեր եւ յունուար ամիսներուն ընդառաջեց 5 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ նոյեմբեր 2019 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացաւ 481 պարագայ:
Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարեցին 3 զոյգ, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացան ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարեց 1 պարագայ, որ արժանացաւ ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Ընտանիքի բազմացման ֆոնտէն (3-րդ երեխայ եւ աւելի) օգտուեցաւ 1 նորածին` 2 հազար ամ. տոլար:
Այս ձեւով անցնող 33 ամիսներուն` մայիս 2017-էն յունուար 2020 ամիսներուն Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացան 486 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


