Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Ներխուժէին Մարդոց Տուները, Տանջամահ Կ՛ընէին, Կը Սպաննէին». Gazeta.Ru

January 16, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Gazeta.ru կայքը ծաւալուն յօդուածով մը կ՛անդրադառնայ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ջարդերուն` գրելով, որ 30 տարի առաջ, այս օրերուն, ազրպէյճանցի ծայրայեղականները կը ներխուժէին մարդոց տուները, տանջամահ կ՛ընէին, կը սպաննէին հայերը եւ այլ ցեղերու պատկանողներ:

«12 յունուար 1990-ին Պաքուի մէջ կը սկսի հայերուն ջարդերը, անոնց դէմ հալածանքները: Անօրինական գործողութիւններ կը կիրարկուին նաեւ ռուսերուն, հրեաներուն, վրացիներուն եւ յոյներուն նկատմամբ», նշուած է յօդուածին մէջ:

Հրապարակման մէջ կը նշուի, որ մինչեւ այդ դաժան օրերը, տարբեր գործիչներու կողմէ սադրանքի յստակ գործողութիւններ կ՛իրականացուէին: Կը նշուի թէ Ազրպէյճանի մէջ բազմաթիւ աղքատներ կան, մինչ բազմաթիւ հայեր կ՛ապրին բարեկեցիկ պայմաններու մէջ. այս եւ այլ սադրանքներով մարդիկը կը հրահրէին, որ բռնի գործողութիւններ իրականացնեն հայերու նկատմամբ:

13 յունուարին հայերու ջարդերը կը ստանան զանգուածային բնոյթ: Մարդոց մեծ խումբեր «Կեցցէ Պաքուն առանց հայերու» կարգախօսներով բողոքի ցոյց կը կատարէին եւ կը խոստանային մաքրել Պաքուն հայերէն: Յօդուածագիրը կը մէջբերէ բրիտանացի լրագրող Թոմաս տը Վաալի խօսքերը այն մասին, որ Պաքուի ջարդերը պէտք չէ նկատել Սումկայիթի զանգուածային սպանութիւններէն անջատ:

Հեղինակը յօդուածին մէջ կը ներկայացնէ բազմաթիւ վկայութիւններ այն մասին, թէ ի՛նչ դաժանութիւններ կը գործադրուէին մարդոց նկատմամբ, միայն այն պատճառով, որ անոնք հայեր էին: «Ջարդեր գործադրուեցան մեծ դաժանութիւններով: 14 յունուարին 30-40 հոգիէ բաղկացած մարդոց խումբ մը կը ներխուժէ տարեց Թորոսեաններու ընտանիքին տունը: Հոն էին անոնց բարեկամները եւս, որոնք նոյնպէս տարեց էին: Յանցագործները ծեծի կ՛ենթարկեն բոլորը, կը խլեն անոնցմէ 3,5 հազար ռուբլի գումար, բռնի ուժով կը հանեն բակը եւ պենզինով կ՛այրեն զանոնք», այս մասին իր «Անկում» գիրքին մէջ գրած է հրապարակախօս Քիրիլ Սթոլեարով:

Նախորդը

Կոմիտաս Եւ Առասպելագրութիւն Բ. Կոմիտասի Ժառանգը

Յաջորդը

«Կատարուած Յանցագործութիւնները Մինչ Օրս Պատշաճ Իրաւական Գնահատական Չեն Ստացել». Արտակ Բեգլարեան

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.