Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. 2020 Եւ Անկէ Անդին

January 9, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարի մը եւս հասցուցինք աւարտին, եւ սովորոյթի կամ աւանդութեան կարգով` պէտք է ըսել, որ արդէն պահն է ընթացիկ տարուան մէջ մեր կատարած գործին, տարած աշխատանքին եւ արձանագրած ձեռքբերումներուն ընդհանուր գնահատումի լոյսին տակ ուղեգծելու մեր ընելիքը 2020-ին, եւ, ինչո՞ւ չէ, անկէ անդին:

Հայ ժողովուրդի եւ յատկապէս Ամերիկայի մեր համայնքի տարեգրութեան մէջ 2019-ը իր իւրայատուկ տեղը պիտի ունենայ անկասկած` իբրեւ քաղաքական նշանակալի իրագործումներու տարի` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ ընդհանրապէս Հայ դատի պայքարի ուղիին վրայ արձանագրուած զոյգ յաղթանակներով: Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ, ապա ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը ամրագրող թիւ 296 եւ թիւ 150 բանաձեւերուն յաջորդաբար ընդունումը քաղաքական մեծակշիռ յաղթանակներ են անտարակոյս: Այս յաղթանակները արգասիքն են «յարատեւ պայքար… ահա թէ ո՛ւր է մեր փրկութեան բանալին» Քրիստափորի պատգամով տոգորուած սերունդներու անդուլ աշխատանքին: Տարիներու, այլեւ տասնամեակներու բովով ձուլուած քաղաքական կամքի եւ կազմակերպական ամրութեան ու կորովի արդիւնքով ձերք բերուած յաղթանակներ են ասոնք, որոնց արժանաւոր կերտիչի վարկանիշը ամէնէն առաջ կ՛երթայ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբերու համայն ընտանիքին:

Հայ դատի հետապնդման ճամբուն վրայ քաղաքական ինքնուրոյն նուաճումի հպարտալի այս պահը հաւաքաբար կ՛ապրինք այսօր, միաժամանակ, սակայն, զգաստ ըլլալով այս յաղթանակի գինովութեամբ տարուելու փորձութենէն: Բնաւ պէտք չէ տարակուսիլ, որ ուրացման վարքագիծը շարունակող թրքական իշխանութիւններուն հակազդեցութիւնը պիտի գայ ուշ կամ կանուխ: Պիտի գայ թաքուն կամ բացայայտ: Պիտի գայ Արցախի վրայ կամ Հայաստանի, պիտի գայ Եւրոպայի մէջ կամ այլուր, պիտի գայ քաղաքական տարբեր շրջածիրերու մէջ, պիտի գայ միջազգային զանազան հարթակներու վրայ: Բնաւ պէտք չէ ապրիլ խաբկանքը, որ այսուհետեւ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ:

Քաղաքական այս իրատեսութեամբ պէտք է դիմաւորել մեր նոր տարին, ինչ որ անպայմանօրէն կ՛ենթադրէ հաւաքական եւ կազմակերպական ուժերու յաւելեալ լարում, յաւելեալ լրջախոհութիւն ու զգաստութիւն` ոչ միայն դէմ դնելու համար թրքական իշխանութիւններէն գալիք հակազդեցութեանց, այլեւ` Հայ դատի քաղաքական գործունէութեան ու պայքարի նոր ասպարէզներ ստեղծելու մտադրումով: Պահն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին` մեր ժողովուրդի ազգային իրաւունքներու արդարահատուցման տեսլականը քաղաքական-դիւանագիտական եւ իրաւական գործնական հաստատ քայլերով յառաջ տարուի: Ինչ խօսք, որ ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պարագային, մեր ժողովուրդի իրաւունքներու արդարահատուցման տեսլականի իրագործումը նոյնպէս համապարփակ ծրագրումի, ռազմավարութեան մշակումի եւ երկար շունչով աշխատանքի կը կարօտի:

Միւս կողմէ, մոռացութեան պէտք չէ մատնել մեր համայնքին եւ այս շրջանի Հայ դատի յանձնախումբերուն ճիգերով իրագործուած Հայաստան-Քալիֆորնիա տնտեսական-մշակութային համագործակցութեան համաձայնագիրը: Մեր բոլորին յանձնառութիւնն է այս համաձայնագիրը վերածել կենսագործ եւ մեր հայրենիքին համար արդիւնաւէտ փաստաթուղթի:

Անշուշտ Արեւմտեան Ամերիկայի այս շրջանը շատ աւելին ունի ընելիք եւ ըսելիք սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու աւելի ընդարձակ շրջածիրին մէջ: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, 2018-ի մայիսեան ժողովրդային շարժումով հայրենի հայութեան ազատութեան կենսագործման ընթացքը իր հունին մէջ պահելու, յեղափոխութեան բարձրացուցած արժէքները իրականացնելու յանձնառութիւնը նաեւ մեր բոլորին ուսերուն վրայ է: Մեզի` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականով ապրող իւրաքանչիւրիս համար, հայրենի ժողովուրդի ազատութեան տենչանքը քաղաքական եւ գաղափարական բացարձակ արժէք է, իսկ զայն հայրենիքի մէջ կենսունակօրէն արմատաւորելու եւ դէպի անցեալ նահանջի ուղիները վերջնականապէս փակելու մեր քաղաքականօրէն յանձնառու կեցուածքը սկզբունքային առաջնահերթութիւն է եւ ենթակայ չէ որեւէ քաղաքական սակարկութիւններու:

Նոյն տրամաբանութեան հետեւողութեամբ ալ  նախանձախնդիր ենք, որ հայրենի ներկայ իշխանութիւնները չընկրկին եւ ժողովրդային շարժումով առաջադրուած համակարգային խորքային բարեկարգումները բոլոր ոլորտներուն մէջ իրականացուին առանց յապաղումի:

Ահա՛ այսպիսի յանձնառութիւններով պէտք է սկսիլ մեր նոր տարին` գործելով մի՛շտ մեր ձեռքը պահելով ժողովուրդի բազկերակին վրայ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ յատկապէս հայրենիքի մէջ:

Նախորդը

Հետաքրքրական. Այսօր Սերկէյ Փարաճանովի Ծննդեան Օրն Է

Յաջորդը

«Գանձասար»-ի Նախորդ Տարին

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.