Գերմանիոյ խորհրդարանի` Պունտըսթակի անդամ, ընկերվար-ժողովրդավարական Նիլս Շմիտ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ՕԹԱՆ պէտք է պատասխանէ Անգարայի կողմէ ռուսական «Էս-400» օդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման եւ կարենայ Թուրքիոյ մէջ տեղակայել ամերիկեան հակահրթիռային համակարգեր:
«Նախ եւ առաջ, ատիկա խնդիր դարձած է ՕԹԱՆ-ի համար, ատոր համար ալ մեզի պէտք է վճռական պատասխան ՕԹԱՆ-ի կողմէ, որովհետեւ մենք կը կարծենք, որ թրքական հողին վրայ ռուսական զէնքի տեղակայումը կը սպառնայ ՕԹԱՆ-ի միասնութեան: Ահա թէ ինչո՛ւ մենք պէտք է այլ միջոց գտնենք Թուրքիոյ տարածքը հրթիռներէն պաշտպանելու համար», ըսած է Շմիտ:
Այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ՕԹԱՆ-ը պատասխանէ, գերմանացի երեսփոխանը նշած է, որ կ՛արժէ միջոց գտնել եւ Թուրքիոյ մէջ տեղակայել ամերիկեան հակահրթիռային համակարգեր:
Յիշեցնենք, որ «Էս-400» համակարգերու մատակարարման համաձայնագիրը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած է Մոսկուայի մէջ ապրիլ 2017-ին: Ատիկա դարձած է Ռուսիոյ մեծագոյն արտածման համաձայնագիրը ՕԹԱՆ-ի անդամ երկրի հետ:
«Էս-400»-ներու մատակարարումը, որ ճգնաժամ յառաջացուցած է Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն մէջ, սկսած է այս տարուան ամրան:



