«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան 19 ճակատումներ:
Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Միլուոքի Պաքս արձանագրեց տարեշրջանի իր 26-րդ յաղթանակը` 123-102 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Նիւ Եորք Նիքսի դաշտէն:
Յաղթական կազմէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (22 կէտ, 11 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):

Ֆէոնիքսի մէջ, Սանզ 139-125 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Հիուսթըն Ռոքեթցէն: Յաղթական կազմէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 47 կէտ:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 6-րդ յաղթանակը` 106-102 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Նիւ Օրլինզը: Տ՛Անճելօ Ռասըլ (Ուորիըրզ) նշանակեց 25 կէտ:
Թէեւ Թրայէ Եանկ (Աթլանթա Հոքս) նշանակեց 47 կէտ, սակայն անոր կազմը 122-112 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պրուքլին Նեթցէն:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ նշուած են խումբերուն արձանագրած արդիւնքները. սկիզբը` յաղթանակ, ապա` պարտութիւն).
Թորոնթօ Ռեփթըրզ (20-8) – Տալաս Մավըրիքս (19-9)
Պոսթըն Սելթիքս (19-7) Շարլոթ Հոռնեթց (13-19)
Միլուոքի Պաքս (26-4) – Ինտիանա Փէյսըրզ (20-9)
Օքլահոմա Սիթի (14-14) – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ (22-9)
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (24-5) – Տենվըր Նակեթց (19-8)


