Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 17-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները:
Յաղթելէ ետք իր հիւրին` Օկզպուրկին, Լայփցիկ հանդիսացաւ երթի ախոյեան` իր կատարած 17 մրցումներէն ապահովելով 37 կէտ:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ, որ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով Հերթա Պերլինի դաշտին վրայ, ունեցաւ 35 կէտ:
Պայէրն Միւնիխ մնաց երրորդ 33 կէտով` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Վոլֆսպուրկին:
Իսկ չորրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Պորուսիա Տորթմունտ (30 կէտ), որ այս հանգրուանին պարտուեցաւ Հոֆընհայմէն (2-1):



