Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Հայաստանի կառավարութեան դիմատետրի էջին վրայ հրապարակած է տեսանիւթ մը` նուիրուած 2019-ի ամփոփման եւ պաշտպանութեան նախարարութեան յառաջիկայ տարուան յաւակնոտ ծրագիրներուն:
Ան 2019-ի գլխաւոր ձեռքբերումներէն նկատած է նոր սպառազինութիւններն ու սնունդի կազմակերպման նոր համակարգը: «Մեր զինուած ուժերը օրէ օր պիտի հզօրանան, մեր ուժը պիտի ըլլայ հակառակորդին համար աւելի մահաբեր», հաստատած է Տօնոյեան:
21 դեկտեմբերին Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի կազմաւորման 25-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին եւս Տօնոյեան խօսած է բանակին դրական ընթացքին մասին` դիտել տալով, որ 25 տարուան ընթացքին ստեղծուած է զինուորական ամբողջական կրթութիւն ստանալու կարելիութիւն` վարժարանէն մինչեւ ռազմական համալսարան:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը 25 տարի ետք արդէն ունի զինուորական ամբողջական կրթութեան բոլոր փուլերով անցնելու կարելիութիւն: 25 տարուան ընթացքին դիւրին չէր վարժարանէն մինչեւ ռազմավարական կրթութիւն ստանալու կարելիութիւն ստեղծել: Մեր ռազմական համալսարանի ամբողջ հրամանատարական կազմը ջանք ու եռանդ պիտի չխնայէ` կազմաւորելու պատրաստուած հայ զինուորականի ոգիին յարիր մտաւորական զինուորը, Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին նուիրուելու պատրաստակամութեամբ օժտուած բանակայինները», շեշտեց Տօնոյեան:
Պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի բոլոր տնօրէններուն, հրամանատարներուն, եւ խրախուսական պարգեւներ յանձնեց ծառայութեան ընթացքին յաջողութիւններ արձանագրած զինուորներուն:



