Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Արցախ Ի՛նք Կը Նուիրաբերէ…

December 21, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Նախատօնական օրերը այս տարի պայծառ չեն Լիբանանի ու լիբանանահայութեան համար:

Քաղաքատնտեսական ճգնաժամը յաղթահարելու համար , ինչպէս անցեալին, այսօր ալ հաւաքական ճիգեր ի գործ կը դրուին նաեւ նուիրահաւաքի համար` նպաստելու կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ` մեր  ազգային կառոյցներու անխափան գործունէութեան ապահովման:

Վեհափառ հօր կատարած ներդրումին յաջորդեցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ անհատ ձեռնհաս հայորդիներու գիտակից ու նպատակասլաց նուիրատուութիւնները:

Դեռ քանի մը օր առաջ կազմակերպուած «Վանայ ձայն»-ի ռատիօթոնով,  անսալով Հայկական երեսփոխանական պլոքի կոչին, լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս ժողովրդային միասնական նուիրահաւաքի յաջողութեան ապացոյցը տուաւ :

Այս բոլորին ընթացքին պատահեցաւ ուշագրաւ իրադարձութիւն մը եւս, որ կ՛արժէ առանձին  լուսարձակի տակ առնել:

Ճգնաժամի առաջին իսկ օրերուն, Արցախի Հանրապետութեան նախագահը հեռաձայնային կապ հաստատելով վեհափառ հօր հետ, արցախահայութեան ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանահայութեան: Խօսքին յաջորդող գործը չուշացաւ: Անմիջապէս իմացանք, որ համահայկական հիմնադրամին կողքին, Արցախի պետութիւնը ի՛նք եւս իր նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը կը փութացնէ ստեղծուած ճգնաժամին դէմ մարտնչող լիբանանահայութեան:

Օրինակը խօսուն է ինքնին:

Արցախեան ազատամարտը յաղթեցինք ու պիտի շարունակենք յաղթել, որովհետեւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, անկախ աշխարհագրական իր դիրքէն,  ամէն տեղ ի՛րը նկատեց այդ պայքարը:

Լիբանանահայութիւնը իր կարգին, շարժման առաջին իսկ օրէն  Արցախի օժանդակութեան իր զանազան մարմիններով, անսակարգ նուիրումով, արեան գնով իսկ արցախահայութեան հետ եղաւ: Այս դժնդակ օրերուն իսկ չեն դադրած «Արցախ ֆոնտ»-ի աշխատանքները եւ պատահեցաւ խորհրդանշելին. Արցախի պետութեան նուիրաբերումը զուգադիպեցաւ տագնապալի այս օրերուն կազմակերպուած, «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագրին սատարող արցախեան արտադրութիւններու աւանդական տօնավաճառին…

Ուրեմն, «Լաւ ընկերոջ համար անգա՛մ կեանքը կը տայ ղարաբաղցին» արտայայտութիւնը սոսկ երգի բառ չէ, այլ , ի հեճուկս  ի՛ր իսկ վիթխարի կարիքներուն, սփիւռքի հեռաւոր ափերուն ապրող իր հայրենակիցներուն դժուարին առօրեային հասնելու բարի կամքի ու գործնական աջակցութեան գործուն ապացոյցով` աներախտամոռ եղբօր նկարագրի որակական բնութագիր ու ցուցանիշ :

 

Նախորդը

Հայ Դատը Դատապարտեց «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» Հանրային Հաւաքը Խանգարելու Փորձը

Յաջորդը

Մինչեւ Ե՞րբ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.