Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանի Մը Ամերիկեան Օդանաւ Հեռացած Է «Ինճիրլիք»-էն. Էսփըր Պիտի Ստուգէ Էրտողանի Յայտարարութեան Լրջութիւնը

December 18, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր տակաւին չի կրնար ըսել, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը որքանո՛վ լուրջ է «Ինճիրլիք» ամերիկեան ռազմակայանը փակելու հարցին մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է լրագրողներուն` աւելցնելով, որ նիւթին շուրջ պիտի զրուցէ իր թուրք պաշտօնակիցին հետ:

«Նախապէս ինծի այդ մասին ոչինչ ըսած են: Այդ մասին իմացած եմ միայն լրատուամիջոցներէն: Այնպէս որ, թրքական պաշտպանութեան նախարարութենէն իմ պաշտօնակիցիս հետ այս նիւթին շուրջ պէտք է խօսիմ, որպէսզի հասկնամ, թէ անոնք իրականութեան մէջ ի՛նչ նկատի ունին եւ որքանո՛վ լուրջ տրամադրուած են», ըսած է Էսփըր:

«Ինթըրֆաքս» իր կարգին հաղորդեց, թէ վերջին երկու օրուան ընթացքին «Ինճիրլիք»-ի ռազմակայանէն հեռացած է առնուազն 5 օդանաւ:

Ըստ տեղեկութիւններու, օդանաւերը ռազմակայանէն հեռացած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` «Ինճիրլիք» եւ «Քիւրեճիք» ամերիկեան ռազմակայանները փակելու մասին կատարած սպառնալիքին լոյսին տակ:

Յիշեցնենք, որ Էրտողան յայտարարած էր, որ ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը գնելուն համար Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատման, Թուրքիան պիտի փակէ իր տարածքին մէջ գտնուող «Ինճիրլիք» եւ «Քիւրեճիք» ռազմակայանները:

Ըստ արեւմտեան թռիչքներու աղբիւրներու, «Ինճիրլիք»-ը լքած են երեք «Սի-17Էյ. Կլոպմասթըր» ծանր զինուորական փոխադրութեան օդանաւեր, մէկ «Սի-5Էմ. Կալաքսի» բարձր բեռնատարողութեամբ զինուորական փոխադրութեան օդանաւ եւ մէկ «Սի-40Պի.» զինուորական հրամանատարութեան փոխադրութեան օդանաւ:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Յատուկ Ջոկատներ Ուղարկած Է Լիպիա

Յաջորդը

Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.