Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Այսօր ճշդուած երեսփոխանական պարտադիր ընտրութիւններու ժամկէտէն առաջ տեղի ունեցող քաղաքական հաղորդակցութիւններուն լոյսին տակ, պարզուեցաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պլոքը իր ձայները պիտի դնէր հանրապետութեան նախագահին տրամադրութեան տակ, որպէսզի ան իր ուզած ձեւով վարուէր անոնց հետ: Ասիկա առիթ է նախազգուշացնելու սահմանադրութեան խախտումի կրկնութեան մասին, որ դիմագրաւած էր նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի նախկին նախագահ Էմիլ Լահուտի պաշտօնավարութեան ընթացքին, եւ հաստատելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի չի կրնար ծածկել վարչապետ նշանակելու այսպիսի լուրջ սահմանադրական խախտում` անկախ անոր օգտագործման նպատակէն:
Եւ նոյն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն լոյսին տակ, վարչապետ Հարիրի այսօր առաւօտեան տեղեկացաւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պիտի չտայ վարչապետի թեկնածուի անուն, կամ պիտի չմասնակցի վարչապետ նշանակելու երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն, ինչ որ կը նշանակէ, որ նշանակում պիտի կատարուէր առանց կշիռք ունեցող որեւէ քրիստոնեայ պլոքի մասնակցութեան, հակառակ վարչապետ Հարիրիի ազգային համաձայնութեան պահանջներու վերաբերեալ մնայուն յանձնառութեան:
Եւ անոր հիման վրայ, վարչապետ Հարիրի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին հետ համաձայնեցաւ հեռաձայնել նախագահ Աունին եւ անկէ խնդրել քանի մը օրով յետաձգել խորհրդակցութիւնները, որպէսզի սահմանադրական եւ ազգային հարցեր չաւելնան երկրին մէջ տիրող ընկերային, տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին վրայ, որուն լուծումին վրայ վարչապետ Հարիրի անհրաժեշտ կը նկատէ կեդրոնանալ` պահպանելով լիբանանցիներուն շահերը, ապրուստը եւ ապահովութիւնը»:



