Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովրդային Շարժումի Ցուցարարները Փակեցին Ժալ Էլ Տիպի Մայրուղին Եւ Ներխուժեցին Ժիէի Ելեկտրակայանը

December 14, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաապտայէն աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ պատճառ չկայ յետաձգելու երկուշաբթի օր նախատեսուած երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները, եւ ատիկա կը պահանջէ սերտ համակարգում երեսփոխանական պլոքներուն միջեւ` լուծումի հասնելու համար:

Աղբիւրները նշեցին, որ խորհրդակցութիւնները կը յետաձգուին միայն այն պարագային, երբ կայ աւելի բարձր շահ եւ մեծ ու կարեւոր պատճառներ, ինչպէս տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթ:

Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ Պաապտայի պալատին մէջ պիտի կայանայ հանդիպում մը նախագահ Աունի եւ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ` արծարծելու վերջին իրադարձութիւնները:

Իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն կառավարութեան կազմութեան ձգձգման դէմ, խումբ մը ցուցարարներ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն փակեցին Ժալ Էլ Տիպի մայրուղին` երկու ուղղութիւններով: Բանակը յաջողեցաւ վերաբանալ մայրուղին եւ մարդկային շղթայ կազմեց ցուցարարներուն առջեւ` արգիլելու մայրուղիին կրկին փակուիլը:

Բանակը ձերբակալեց 7 ցուցարարներ, որոնք աւելի ուշ ազատ արձակուեցան:

Տեղեկատուական ազգային գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ժողովրդային շարժումէն խումբ մը երիտասարդներ մտած են «Օժերօ» ընկերութեան կեդրոնատեղին Պիր Հասանի մէջ` բարձրաձայնելով «Օժերօ» ընկերութիւնը եւ Լիբանանի մէջ հաղորդակցութեան միջոցներու մարզը սեփականաշնորհելու եւ ծախելու դէմ, ինչպէս նաեւ փոքր եւ ամէնօրեայ օգտատէրերը պաշտպանելու միտող պահանջներ:

Ցուցարարները բարձրացուցին իրենց ձայները շէնքին մէջ եւ մեղադրանքներ ուղղեցին «Օժերօ»-ի տնօրէնութեան, տնօրէններու խորհուրդին եւ մեծ օգտատէրերուն դէմ:

Կեդրոնի պահակները միջամտեցին, տեղի ունեցաւ հրմշտուք եւ ծեծ, որուն պատճառով ցուցարարները քաշուեցան դէպի կեդրոնին արտաքին դուռը:

Ցուցարարները վստահեցուցին, որ դատ պիտի բանան շէնքին մէջ իրենց վրայ կատարուած յարձակումին պատճառով:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին մեծ թիւով ցուցարարներ բողոքի ցոյց կատարեցին Ժիէի ելեկտրակայանին առջեւ` բողոքելով Պարժայի մէջ ելեկտրականութեան մնայուն ընդհատումին դէմ: Ցուցարարները ներխուժեցին ելեկտրակայան, ինչ որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը մղեց միջամտելու եւ բռնի ուժով ցուցարարները դուրս հանելու: Արձանագրուեցան վիրաւորներ, որոնց շարքին` Պարժայի քաղաքապետը:

Նախորդը

Մուսթաքպալ Հոսանքը Կը Զգուշացնէ

Յաջորդը

Նասրալլա. «Հըզպալլա Վտանգ Չի Ներկայացներ Լիբանանցի Ժողովուրդին, Այլ` Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Ծրագիրներուն»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.