Նախանցեալ օր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պայէրն Միւնիխ 3-1 արդիւնքով յաղթելով Թոթենհամին, մրցաշարքի պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատեց:
Գերմանական ակումբը, արձանագրելով վեց յաղթանակ, նշանակելով 24 կոլ եւ իր բերդին մէջ ստանալով միայն 5 կոլ, 19 կոլի առաւելութեամբ աւարտեց իր ելոյթները:
Ասիկա լաւագոյն արդիւնքն է «Չեմփիընզ լիկ»-ի` խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումներու պատմութեան մէջ:



