«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին խմբակներու դրութեամբ կատարուող մրցումները նախանցեալ օր հասան իրենց աւարտին եւ յստակացան փլէյ օֆի մրցումներուն (1-16-րդ հանգրուան) մասնակցող խումբերուն անունները:
Ատոր վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 16 դեկտեմբերին:
16 խումբերը բաժնուեցան 2 զամբիւղի` հետեւեալ ձեւով.
Ա. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Պարսելոնա, Պայէրն Միւնիխ, Եուվենթուս, Լայփցիկ, Լիվըրփուլ, Մանչեսթըր Սիթի, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Վալենսիա:
Բ. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Պորուսիա Տորթմունտ, Չելսի, Ռէալ Մատրիտ, Լիոն, Նափոլի, Աթլեթիքօ Մատրիտ, Թոթենհամ, Աթալանթա:
Վերոնշեալ 16 խումբերուն փլէյ օֆ հասնելովը, մրցաշարքին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով եւրոպական ախոյեանութեան առաջնակարգ 5 երկիրներու խումբերը միայն (Անգլիա, Սպանիա, Իտալիա, Գերմանիա եւ Ֆրանսա), կը մասնակցին անոր:
Վերոնշեալէն բացի, առաջին անգամ ըլլալով մրցաշարքին պատմութեան մէջ, խմբակներու մրցումներուն իրագործուեցաւ 9 հեթրիք:



