Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անորոշութիւն… Պրաթիսլաւայէն

December 10, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թոյլ տուէք ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը հռչակել իբրեւ ժողովրդավարութեան արտայայտութիւն, քանի որ, իսկապէս, ժողովրդավարութիւնը ինքնորոշման ձեւ է»

                                              ՄԱԿ-ի միջազգային հարցերու փորձագէտ դոկտ. Ալֆրետ տը Զայաս

ԵԱՀԿ-ի 26-րդ համաժողովը, որ տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 4-ին, նախագահող երկիր` Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայի մէջ, առիթ ստեղծեց, որ նախքան համաժողովը` տեղի ունենայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էլմար Մամետեարովի եւ Զոհրապ Մնացականեանի միջեւ հանդիպումը:

Աւարտող տարուան ընթացքին, սեղմ հանդիպումներու շարքին հինգերորդն էր, որ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ տեսակցութիւններու կողքին:

Այս հանդիպումներու լոյսին տակ եւ յատկապէս երեքուկէս ժամ տեւած Մամետեարովի հետ «դէմ առ դէմ»-էն ետք, նախարարական համաժողովին ելոյթ ունենալով` Մնացականեան ինքնավստահօրէն եւ հաստատ բացատրողականներով ներկայացուց արցախեան հիմնահարցին իրավիճակը:

Քանի մը կէտերու շուրջ կեդրոնանալով` Մնացականեան շեշտեց, որ Արցախի խաղաղ կարգաւորման առանցքային խնդիրներուն վերաբերեալ յստակ է Հայաստանի դիրքորոշումը` շարունակ նշելով, որ ամէն գնով պէտք է հեռու մնալ հակամարտութենէն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը ենթակայ չէ զիջման:

Հոս տեղին է աւելցնել, որ ինքնորոշման իրաւունքի կրողներ են մասնակից բոլոր պետութիւնները, որոնք ոչ միայն պարտին խոչընդոտ չստեղծել եւ շրջանցել այդ իրաւունքի կիրարկումը, այլ նաեւ` աշխուժօրէն նպաստել անոր իրականացման: Դեռ աւելի՛ն, անոնք ոչ միայն պէտք է յարգեն այդ իրաւունքը, այլ նաեւ իրականացնեն զայն: Աւելի՛ն. ժողովուրդներու լիազօրութիւնը խիստ կարեւոր է թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային կայունութեան համար` առանց խտրականութեան օգտուելու մարդկային իրաւունքներէ, իրականացնելու համար որոշ աստիճանի ինքնիշխանութիւն:

Յաւելեալ ենթաբաժանումներով եւ բացատրութիւններով ՄԱԿ-ի ժամանակակից միջազգային օրէնքին մէջ նշուած է, որ ինքնորոշումը բոլորին նկատմամբ պարտաւորութիւն է:

Մնացականեան շեշտեց, որ Արցախի վերջնական կարգավիճակին որոշումը չի կրնար ենթարկուիլ որեւէ սահմանափակման, որ պէտք է յստակօրէն եւ միանշանակօրէն ընդունուի: Հոս տեղին է աւելցնել, որ նաեւ կարելի չէ խտրականութիւն ցոյց տալ ինքնորոշման ձգտող ժողովուրդներու միջեւ: 90-ականներուն նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու անկախութիւնը եւ նախկին Եուկոսլաւիոյ ժողովուրդներու անջատումը կարեւոր նախադէպեր  ստեղծեցին ինքնորոշման իրագործման համար: Կարելի չէ լուսանցքի տակ առնել եւ անտեսել այսպիսի նախադէպեր, որոնք առաջնահերթ կը նկատուին ժամանակակից ինքնորոշման առնչութեամբ ծագող վէճերու պարագային: Այս բոլոր անիրաւուած եւ ճնշումի տակ գտնուող ժողովուրդները ունին մարդկային նոյն իրաւունքները եւ պէտք չէ խտրականութեան ենթարկուին:

Ընդհանրապէս որեւէ արդարացում չկայ եւ ոչ ալ` խոչընդոտ` այս ժողովուրդներուն հռչակած անկախութիւնը  մերժելու, ընտրողաբար կիրարկելով ինքնորոշման իրաւունքը եւ կատարելով մակերեսային եւ երեւակայական զատորոշումներ, որոնք անարդար եւ ապօրինի են:

Յիշատակելի օրինակ է Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ազրպէյճանէն լրագրողներու փոխանակումը, դրացի տարածաշրջաններ այցելելով, անշուշտ այս բոլորը, խուսափելով որեւէ ուժի կիրարկումէ, որ ինքնաբերաբար կը վտանգէ տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային կայունութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ կը նսեմացնէ մարդկային իրաւունքներու հասկացողութիւնը:

Յամենայն դէպս տեղին է հարցադրել, թէ այդ երեքուկէս ժամուան «դէմ առ դէմ»-ին ի՞նչ, կամ ինչե՞ր պատահեցան, մանաւանդ երբ նկատենք Մամետեարովի կրքոտ դէմքն ու արտայայտած վանողական խօսքերը:

Նախորդը

Բառերու Գանձարանին Մէջ – 7. «Ռա» ու «Րէ», Ռահ ու Ռանչպար, Ռամիկ եւ Ռազմիկ (Բ. Մաս)

Յաջորդը

Հաւաքաբար Չհեղինակազրկուելու Համար

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.