Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՅԻՆ

December 31, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. ԻՇԽԱՆ

Կաղանդ Պապա
Դուն որ ահա
Սա պերճագեղ վաճառատան շողշողուն
Ցուցափեղկին մէջ բազմած
Կը բաշխես յոյս, ոսկի ժպիտ ամէնուն,
Կը կանչես ներս գրկաբաց
Մեծ ու պզտիկ, մանչ ու աղջիկ հմայուն,
Կաղանդ Պապա,
Դուն որ ահա
Շուրջդ շարած անհամար գանձ եւ ընծայ,
Խաղալիքներ այլազան,
Արագասոյր եւ ինքնաթիռ մեքենայ,
Կապուտաչուի պուպրիկներ,
Գլխովդ աղուոր, ձիւնահեր
Կու տաս ողջոյն եւ խոստումներ օրհնաբեր,
Տե՛ս սա տղան քու դիմաց,
Զմայլահար, շփոթած,
Զոյգ ձեռքերն իր դրած փեղկին ապակի`
Կարծես կ՛ուզէ հասնիլ քեզ,
Որ զինք գրկես
Եւ ինք քու մօտ գայ ծունկի…
Տե՛ս սա տղան անօթի,
Բոպիկ, նիհար, կիսամերկ,
Փողոցն ըրած իրեն տուն,
Ամբոխին մէջ, ամբոխին դէմ չարանենգ,
Իր թեւերովն ազազուն
Կեանքին համար ու հացին
Կը մաքառի առանձին:
Կաղանդ Պապա,
– Օ՜ մեղա՛յ,–
Այս մանչուկին պիտի չերթաս դուն այցի,
Պիտի չտաս Ամանորի իր ընծան,
Ո՛չ օդանաւ եւ ոչ ձի
Եւ ան այսպէս պիտի դիտէ քեզ միայն
Ցուցափեղկէն երազի…
Բայց կը ճանչնա՞ս գոնէ թշուառ այս տղան,
Ընկերներն իր փողոցի,
Որ կը տենչան սպիտակ շերտ մը հացի
Եւ սպիտակ ձեռքի շոյանք մը ջերմին`
Իրենց տժգոյն, գորովազուրկ ճակատին…
Կաղանդ Պապա,
Եղիր դուն քաջ մէկ րոպէ,
Դարձուր աչքերդ ու դիտէ
Վիշտն անսահման սա մանչուկի նայուածքին,
Մատներն այրող որ կը գրկեն ապակին
Ցուցափեղկիդ դիւթական
Եւ եթէ դուն կրնաս ժպտիլ տակաւին
Քու ժպիտով տօնական,
Ժպտէ մարդոց ու կեանքին…

 

Նախորդը

21-ՐԴ ԴԱՐԸ ԻՐԱՊԷՍ ԿՐՆԱ՞ՆՔ ԴԱՐՁՆԵԼ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐ (ՓՈՐՁ` ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՇՈՒՐՋ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ)

Յաջորդը

ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊՈՒԿԻՆ ԱՆԱՒԱՐՏ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.