Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏԱՐԻՆ ՅԱՋՈՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼԷ ԲԱՑԻ ԸՍԱՒ. «ՅՈՅՍՈՎ ԵՄ, ՈՐ 2012-ԻՆ ՀԱՅՐԵՆԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻՆ ՈՍԿԻ ՄԵՏԱԼՆԵՐՈՒ ԿԸ ՏԻՐԱՆԱՆ»

December 30, 2011
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամանորի յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Օճախ» ճաշարանին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի խումբերուն մարզիկները եւ մարզիչները պարգեւատրուեցան Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէին կողմէ:

Հայկական Armsport.am լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ եւ ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքը ուղղեց Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «2011-ը սպասողական տարի մը ըլլալով, մարզիկները իրենց ուժերը խնայեցին յառաջիկայ տարուան` նկատի ունենալով, որ մեր դիմաց ունինք Ողիմպիական խաղերը: Յոյսով ենք, որ Հայաստան Լոնտոնի մէջ կ՛արձանագրէ փայլուն արդիւնքներ: Հայ մարզիկներուն ձեռք ձգած յաջողութիւններուն մէկ մասը կը պարտինք նախագահ Սերժ Սարգսեանին»:

Իր կարգին, նախագահ Սարգսեան ելոյթ ունենալով ըսաւ. «Ես անձամբ համամիտ չեմ Գագիկ Ծառուկեանին հետ, թէ 2011-ը սպասողական տարի մըն էր: Տարին յաջող էր, որովհետեւ ֆութպոլին նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն արթնցաւ մեր ժողովուրդին մօտ: Նոյնիսկ ֆութպոլէն հեռու եւ անտեղեակ մարդիկ այսօր Հենրիխ Մխիթարեանի եւ Եուրա Մովսիսեանի անունը կու տան: Մեծ գովասանքի արժանի է նաեւ ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականը, որ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Յոյսով եմ, որ 2012-ի Ողիմպիականին հայրենի մարզիկները ոսկի մետալներու կը տիրանան»:

Նախագահին կողմէ նիւթական պարգեւներ ստացան շարք մը մարզիկներ, որոնց կարգին Ռոման Ամոյեան, Արսէն Ջուլֆալակեան, Հռիփսիմէ Խուրշուտեան, Արայիկ Միրզոյեան, Մուսա Մուրթազալիեւ, Արթուր Ալեքսանեան, Վլատիմիր Սարուխանեան, Յարութիւն Մերտինեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Կարէն Գրիգորեան, Յովհաննէս Կապուզեան, Տիգրան Յարութիւնեան, Արման Միքայէլեան, Զոհրապ Ապրեսեան եւ ուրիշներ:

Իսկ 2011-ին Հայաստան լաւագոյն մարզիկներու առաջին 10 հոգիներու ցանկին մէջ ընդգրկուած մարզիկները պարգեւատրուեցան ինքնաշարժերով:

Ծառուկեան յուշանուէրներ յանձնեց Սերժ Սարգսեանին եւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին:

Նշենք, որ պատուոյ սեղանին նստած էր նաեւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:

Ներկաներուն կարգին էին նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան եւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան:

Նշենք, որ 10 լաւագոյն մարզիկներու պարգեւատրման ներկայ չէին միայն Եուրա Մովսիսեանն ու Լեւոն Արոնեանը, որոնք Հայաստանէն դուրս կը գտնուէին:

 

 

Նախորդը

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.