Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամ երկիրներու դեսպաններուն արտակարգ հանդիպումին, որ գումարուեցաւ իր հրաւէրով:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ, Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիան, Բրիտանիոյ դեսպանատան գործակատար Պենճըմին Ուասթնիկ եւ Ֆրանսայի դեսպանատան գործակատար Սալինա Կրոնիէ – Քաթալանօ:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կ՛ուզէ խուսափիլ ապահովական կացութիւնը բարդացնելէ եւ զայն դէպի յաւելեալ վտանգ առաջնորդելէ:
Հարիրի կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին մերժելու լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ Իսրայէլի գործած բացայայտ ոտնձգութիւնը:
Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մօտ պաշտօնապէս պիտի բողոքէ` Իսրայէլի կողմէ թիւ 1701 բանաձեւի խախտումին դէմ:
Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, յատկապէս արձանագրուած վերջին զարգացումները:
Երեկոյեան վարչապետ Հարիրի նախագահեց նաեւ աղբահանման թղթածրարին պատասխանատու նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ աղբահանման թղթածրարի լուծման կարելիութիւններու քննարկումը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներ Ռայա Հասանը եւ Էլիաս Պու Սաապը` ներկայութեամբ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւններն ու արձանագրուած վերջին զարգացումները:
Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Թոնի Մանսուր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական կացութիւնն ու բանակին կարիքները:
Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր, որուն հետ քննարկեց ելեւմտական եւ դրամատնային շարք մը հարցեր:



