Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»-Ի «ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ» ՄՐՑՈՒՄԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

December 28, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2011-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը ողողուած էր «Անսխալ գրենք» մրցումին մրցանակակիրներով եւ ծնողներով:

Երեկոյեան ժամը 6:40-ին «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմի անդամ Սրբուկ Ճենանեան բացման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնք միշտ կը քաջալերեն «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմի կազմակերպած ձեռնարկները: Ան գնահատեց նաեւ ծնողները, որոնք նեցուկ կը կանգնին իրենց զաւակներուն` մասնակցելու նմանօրինակ ձեռնարկներու, եւ այս բոլորին շնորհիւ այս տարուան մրցումին մասնակիցներուն թիւը գերազանցած է նախորդ տարիներու թիւը, ինչ որ ապացոյց է, որ «Պզտիկ-Մզտիկ» տասը տարուան իր առաքելութեան մէջ որոշ յաջողութիւն արձանագրած է: Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղուեցաւ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի ընդհանուր հովանաւոր «Եռագոյն ֆոնտ»-ին, ինչպէս նաեւ մրցումներուն նուէրները տրամադրող «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»-ին:

Ապա «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան խօսք առնելով դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ մատնանշեց, մրցումի մասնակիցներու թիւին աճը, ինչ որ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի յաջողութեան գրաւականն է: Ան անդրադառնալով, որ արդէն իսկ մանկապատանեկան այս թերթը պիտի ամբողջացնէ իր տասնամեակը, որուն առիթով բնական էր, որ ծրագիրներ մշակուած ըլլային, որոնք յառաջիկային կը յայտարարուին, սակայն յայտնեց, որ այս առիթով Չաղլասեան ընտանիքի նուիրատուութեան շնորհիւ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմը պիտի ունենայ իրեն յատուկ խմբագրասենեակը. Գանտահարեան ի վերջոյ շնորհաւորեց մրցանակակիրներն ու ծնողները: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի ընդհանուր հովանաւոր «Եռագոյն ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Սիսլեանին եւ «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»-ի հիմնադիր Մելքոն Յակոբեանին:

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ շեշտը դրաւ մայրենի լեզուի եւ ուղղագրութեան անաղարտ գործածութեան վրայ` մատնանշելով, որ չափազանց կարեւոր է մայրենի լեզուով ու ճիշդ ձեւով միտք արտայայտելը, եւ այսպիսի ձեռնարկները ապացոյց են մայրենի լեզուն պահպանելու եւ անմահացնելու ճիգերուն: Հետեւաբար ուրախալի է տեսնել, որ տարուէ տարի մայրենի լեզուին նկատմամբ սէրը կ՛աւելնայ, եւ շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները:

Ապա «Ազդակ»-ի տնօրէնը, «Եռագոյն» եւ «Սօսի յիշատակի» ֆոնտերուն ներկայացուցիչներն ու Ճեմարանի տնօրէնը մրցանակները բաշխեցին փոքրիկներուն:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան մը:

 

 

 

Նախորդը

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ «ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀՐԱՒԷՐ Է Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յաջորդը

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` «ՍԱՈՒՐԱ» ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ ԿՈՂՄԷ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.