Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարակուէյ Հըզպալլան, Համասը, Քայիտան Եւ ՏԱՀԵՇ-ը Ներառեց Ահաբեկչական Կազմակերպութիւններու Ցուցակին Վրայ

August 21, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փարակուէյ Հըզպալլան, Համաս շարժումը, Քայիտան եւ ՏԱՀԵՇ-ը ներառեց ահաբեկչական խմբաւորումներու ցուցակին վրայ:

Փարակուէյի արտաքին գործոց նախարար Խուան Էռնեսթօ Վիլլամայոր յայտնեց, որ այդ կազմակերպութիւնները ահաբեկչական նկատելու որոշումը տրուած է երկրի նախագահ Մարիօ Ապտօ Պենիթեզի հրամանով:

Փարակուէյի նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութիւնը նշեց, որ երկիրը վճռական կերպով կը գործակցի ահաբեկչութեան դէմ միջազգային պայքարին` վաւերացնելով շարք մը միջազգային դաշնագիրներ եւ համաձայնագիրներ, ինչպէս նաեւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ աջակցելով ՄԱԿ-ի եւ Ամերիկեան երկիրներու կազմակերպութեան ուժեղ դերակատարութեան:

Փարակուէյի մէջ Ամերիկայի դեսպանը շնորհաւորեց Փարակուէյը իր առած քայլին համար եւ յայտնեց. «Կը կարծենք, որ ասիկա շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին համար կարեւոր քայլ մըն է, որ պիտի նուազեցնէ այդ կազմակերպութիւններուն կարողութիւնը, մասնաւորաբար Հարաւային Ամերիկայի մէջ նուիրատուութիւններ հաւաքելու իմաստով, եւ մեր երկիրներուն պիտի արտօնէ միջազգային ահաբեկչութեան արգիլման եւ անոր դէմ պայքարի մէջ աւելի սերտ ու ազդու կերպով գործակցելու»:

Փարակուէյի քայլը ողջունեցին նաեւ Իսրայէլի վարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարը: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ իր երկիրը աշխատանք կը տանի, որ այլ երկիրներ եւս նոյն քայլին դիմեն:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց այդ քայլը նկատեց «կարեւոր»` աւելցնելով, որ անիկա «կը նպաստէ Իրանի կամակատարներուն դէմ համաշխարհային պայքարին»:

Նախորդը

Թրամփ Ճոնսընի Հետ Քննարկած Է «Պրեքզիթ»-ի Հոլովոյթը

Յաջորդը

Փոմփէօ Ցաւ Կը Յայտնէ Ժիպրալթարի Կողմէ Իրանեան Քարիւղատար Նաւու Նաւարկման Արտօնման Համար

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.