Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյքսփիրի Անուան Հայկական Ընկերակցութեան Գ. Համագումարը Տեղի Ունեցաւ Վենետիկի Մէջ

August 21, 2019
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շէյքսփիրի անուան հայկական ընկերակցութեան երրորդ համագումարը տեղի ունեցաւ Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ` Մխիթարեան միաբանութեան համար պապական պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանի հովանաւորութեամբ:

Հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ 15 յուլիսին, մասնակցեցան ընկերակցութեան պատուոյ նախագահ, հայրենի բանաստեղծ եւ բանասէր Հենրիկ Էդոյեան եւ հիմնադիր Յասմիկ Սայմըր, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Լեհաստանէն, Արժանթինէն եւ ուրիշ երկիրներէ եկած մասնագէտներ, որոնք իրենց զեկուցումները կարդացին յայտնի անգլիացի թատերագիրին կապուած հարցերու շուրջ, ինչպէս` «Շէյքսփիր եւ օտարները», «Շէյքսփիրի թարգմանութիւններ», «Շէյքսփիրի եւ Վենետիկի առասպելը» եւ այլ նիւթեր:

Բացման խօսքը արտասանեց Սերոբ վրդ. Չամուրլեանը, որ անդրադարձաւ Մխիթարեան միաբանութեան շէյքսփիրեան  թարգմանութիւններու աւանդութեան, ապա լրագրող Աւետիս Հաճեանը հակիրճ կերպով ներկայացուց Վենետիկի հայ գաղութի պատմութիւնը:

Այս տարուան համագումարը նուիրուած էր Վահրամ Փափազեանի մահուան 130-ամեակին: Փափազեան համարուած էր Խորհրդային Միութեան լաւագոյն շէյքսփիրեան դերասանը, մասնաւորաբար յայտնի` իր Օթելլոյի դերակատարութեամբ, ան նաեւ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի սան եղած է:

 

Նախորդը

Յաջորդական Նուաճումները Նոր Յանձնառութիւններու Կը Մղեն Եուրոզը

Յաջորդը

Շուշիի Համահայկական 8-րդ Փառատօնին Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարանի Յաղթանակը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.