Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

5244 Մարզիկներ 14 Օր Ապրեցան Անմոռանալի Պահեր. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղերը Յայտարարեց Փակուած

August 19, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 17 օգոստոսին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ մեծ հանդիսութեամբ աւարտեցան համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը:

20-ամեայ խաղերուն փակման հանդիսութեան խօսք առաւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց խաղերուն իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած բոլոր պետական եւ ոչ պետական կառոյցներուն, մասնակցողներուն, իրաւարարներուն, ինչպէս նաեւ լրագրողներուն:

«Խաղերը հաստատուն կամուրջ դարձան Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միջեւ», նշեց Զաքարեան:

Ապա ան Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը պարգեւատրեց Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուոյ շքանշանով:

Ներկաներուն հրաժեշտի խօսքը ուղղեց Համահայկական խաղերու հիմնադիր անդամներէն Ալպերթ Պոյաճեան:

Ապա ան կոմիտէին անունով Իշխան Զաքարեանին շնորհեց պատուոյ շքանշան:

«Միս համահայկական խաղեր» ճանչցուեցաւ ռուսահայ վոլիպոլ խաղացող Աննա Թունեան: Լաւագոյն մարզական պատուիրակութիւնը` Ռուսիա: «Արդար խաղի» (ֆեր փլէյ) մրցանակը ստացաւ Հալէպի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը: Համահայկական խաղերուն յայտնութիւնը դարձաւ Տուպայի պատուիրակութիւնը: Կարգապահութեան եւ մարզական ոգիի մրցանակը ստացաւ Վիեննայի խումբը:

Համահայկական խաղերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով լաւագոյն քաղաքներու պատուիրակութիւններ ճանչցուեցան Էջմիածինի եւ աւստրալիական Սիտնիի պատուիրակութիւնները:

Բոլոր մրցանակակիրներուն պարգեւատրեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ահա ան իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ.

«Համահայկական խաղերուն 14 օրերուն ընթացքին մենք վայելեցինք միասին ըլլալու բերկրանքը: Ապացուցեցինք, որ մենք ենք եւ միասնական ենք: Փակման արարողութիւնը կը խորհրդանշէ, որ աշխարհի բոլոր հայերուն համար կայ մէկ մայրաքաղաք` Երեւանը: Անկախ քաղաքական եւ կուսակցական պատկանելիութենէն, մենք միշտ միասնական պիտի ըլլանք: 8-րդ խաղերը աւելի մեծ պիտի ըլլան»:

Վարչապետը շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն եւ կազմակերպիչներուն, որմէ ետք խաղերը փակուած յայտարարեց:

Այս տարի Համայհակական 7-րդ խաղերուն մասնակցեցան 5244 մարզիկներ` աշխարհի 35 երկիրներու 161 քաղաքներէն:

Քանի մը մարզաձեւերու մրցումները տեղի ունեցան Ստեփանակերտի, Մարտակերտի եւ Ասկերանի մէջ, իսկ հիմնական պայքարը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:

Այս տարի Համահայկական խաղերուն կը մասնակցէր 3 նոր երկիր. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Իրաք եւ Չեխիա:

Մետալներու դասաւորման պատկերը հետեւեալն է.

 ՈՍԿԻԱՐԾԱԹՊՐՈՆԶ»
1.- Երեւան594539
2.- Գիւմրի181513
3.- Էջմիածին976
4.- Վանաձոր958
5.- Ստեփանակերտ81215
Նախորդը

Արեւմտեան Ասիոյ Աթլեթիզմի Կրտսերներու 3-րդ Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ. Լիբանան Հանդիսացաւ Ախոյեան` Տիրանալով 30 Գունաւոր Մետալներու

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (19 Օգոստոս 2019)

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.