Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շաբաթավերջին Մեհրապի մէջ նախագահեց Հզօր հանրապետութիւն պլոքի նիստին, որմէ ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, վարչապետ Սաատ Հարիրիին եւ կառավարութեան ստանձնելու իրենց սահմանադրական պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ իրենք պատասխանատու են լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ:
Ան շեշտեց, որ պետութիւնը պէտք է վերջ տայ Հըզպալլայի եւ անոր ղեկավարին կողմէ Լիբանանը պատերազմի մէջ ներքաշելու մտայնութեան:
«Կը մերժենք Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ պատերազմ մը բռնկելու պարագային Լիբանանը եւս այդ պատերազմին մէջ ներքաշելու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի տրամաբանութիւնը: Անհրաժեշտ կը նկատենք, որ նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի այս ուղղութեամբ աշխատին», ընդգծեց ան:



