Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ. ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

March 25, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ աւանդական Միջինքը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի, փոխժողովրդապետ հայր Սեպուհ Կարապետեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու, բարերար Ռոզ Պօղոսի, վարժարաններու եւ եկեղեցիներու տիկնանց միութիւններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ մեծ թիւով ձեռնարկը քաջալերողներու:

Յայտագիրին բացումը կատարեց Մարալ Հարպոյեան, որ Միջինքի աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն մասին ներկայացուց տեղեկութիւններ, ինչպէս` Միջինքի յատուկ կարկանդակի լիճքը, բաղարջ պատրաստելու ձեւը եւ այլն:

Խօսք առնելով Սարգիս վրդ. Դաւիթեան ըսաւ, որ իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդ պէտք է հոգեւոր շրջան նկատի ունենալ Մեծ պահքի շրջանը: «Այս շրջանին պէտք է զոհաբերենք, ուրիշներուն օգտակար դառնանք եւ բոլորին ուրախութիւն բաժնենք», աւելցուց Սարգիս վրդ. Դաւիթեան:

Ապա հոգեւոր երգերով ելոյթ ունեցաւ Անայիս Կետիկեան, իսկ յայտագիրին երկրորդ բաժինով Սիմոն Կոստանդինեան ներկայացուց հայկական եւ արաբական եղանակներ:

Քաջալերուած մթնոլորտէն` տեղի ունեցան նաեւ նուիրատուութիւններ:

Յայտնենք նաեւ, որ ներկաներուն տրամադրուեցաւ Ս. Յովսէփի նկարն ու աղօթքը, զոր իբրեւ նուէր տրամադրած էր Մարի Պասթաճեան:

Տեղի ունեցան նաեւ խաղեր, վիճակահանութենէն ետք բոլորը ուրախ տրամադրութեամբ բաժնուեցան իրարմէ:

Յայտնենք, որ այս հաւաք-խրախճանքին հասոյթը կը տրամադրուի կարիքաւոր սաներու, մանուկներու եւ ուսանողներու, որոնք հայութեան ապագան են:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՌԻԱՏԻ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՄԸՄ-ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Յաջորդը

«ԱԼԻՔ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ` 80 ՏԱՐԵԿԱՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.