Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

December 28, 2011
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՅԱԶԻՏ

Պայազիտի համայնապատկերը

Պայազիտ Արարատեան աշխարհի գլխաւոր քաղաքներէն է. պատմական Դարոյնք բերդը` որ Բագրատունիներուն կեդրոնը եղած է եւ կարեւոր դեր կատարած է պատերազմներուն ժամանակ:

ԿՈԳՈՎԻՏ. ՊԱՅԱԶԻՏԻ ԳԱՒԱՌԸ

Պայազիտի գաւառը կամ պատմական Կոգովիտը կը գտնուի Արարատէն դէպի հարաւ-արեւմուտք` Ձկնագետի աւազանին մէջ: Հիւսիսային կողմէն անոր սահմանն է Հայկական Պարը, հարաւ-արեւմտեան կողմէն` Ծաղկանց լեռնաշղթային ջրբաժան մէկ բազուկը, հարաւային կողմէն` Թանդուրէկի (կամ Թոնդրակի) համակարգութեան պատկանող բարձրութիւնները` որոնք Ծաղկանց լեռներուն արեւելեան վերջաւորութիւնները կը կազմեն, հարաւ-արեւելեան կողմէն` Զիարէթ լեռները, իսկ արեւմտեան կողմէն` Սինակ, Սպիտակ եւ Մուզիկ լեռները:

Ծաղկանց լեռները մօտաւորապէս հարիւր քիլոմեթր երկարութիւն ունին: Դէպի հիւսիս ժայռոտ լեռնաճիւղեր կ՛երկարին, որոնք Տիատինի մօտ կը միանան Հայկական Պարին: Ծաղկանց լեռներու համակարգութեան պատկանող Թանդուրէկը գործող հրաբուխ է եւ ունի մօտաւորապէս 600 մեթր երկարութեամբ խառնարան: Գլխաւոր խառնարանէն քիչ մը հեռու, գետնի պատռուածքէն ծուխ դուրս կ՛ելլէ, եւ յաճախ վիհին յատակէն ահազդու թնդիւններ կը լսուին: Ուժեղ դղրդիւնէն երբեմն հողը կը ցնցուի: Թանդուրէկ լեռը հռչակաւոր է իր հանքային տաք աղբիւրներով, որոնք բուժիչ յատկութիւն ունին:

Պայազիտի գոգաւորութեան ցած մասը լեռնագօտիներով շրջապատուած դաշտ է` արգաւանդ հողերով եւ խոտառատ մարգագետիններով: Դաշտին մէջ կան քարքարուտ բլուրներ: Կեդրոնական գօտիին մէջ, Արծափ գիւղին մօտ կը գտնուի Արծափքար լեռը, Պայազիտի արեւելեան կողմը` Կոտիսը, իսկ հարաւային կողմը, Թոնդրակի մօտ` Խորինը: Դաշտին կեդրոնական գօտիին մէջ կան փոքր լիճեր, որոնք մեծ մասամբ ճախճախուտներով շրջապատուած են եւ Կոգովիտի Շամբը (ներկայիս` Շեխլի կէօլ) կը կազմեն: Շամբը իրարու միացած հինգ-վեց լճակներու խումբ մըն է եւ խիտ եղէգնուտներով ծածկուած է: Գայլատու լիճի հարաւ-արեւելեան ափէն սկիզբ առնող Առու գետը (Պալըխ չայ) ոլորապտոյտ կը հոսի դէպի հարաւ-արեւելք եւ շրջակայ հողերը ոռոգելէ ետք Կոգովիտի Շամբին մէջ կը թափի: Առու գետին գլխաւոր վտակներն են Կռատիկը եւ Դարակը: Կռատիկ կը բխի Թանդուրէկի հիւսիս-արեւելեան լանջերէն, իսկ Դարակ` համանուն գիւղի մերձակայ լեռներէն: Շամբի ջուրերէն սկիզբ կ՛առնէ Սարագետը, որ Արաքսի վտակ Մակուի գետին մէջ կը թափի, Առու եւ Դարակ գետերու միախառնման շրջանին մէջ վեց փոքր լճակներ կան:

Կոգովիտի լճակները, ճախճախուտներն ու եղէգնուտները հարուստ են ջրասէր հաւքերով` կռունկներ, կարապներ, արագիլներ եւ բադեր:

Պայազիտի գոգաւորութիւնը կ՛ոռոգուի Արաքսի վտակ Ձկնագետի ջուրերով: Ձկնագետ իր ստորին հոսանքին մէջ կը կոչուի Դեղին գետ: Ձկնագետի հովիտով Պայազիտի հարթութիւնը կը կապուի անկէ հարաւ-արեւելք տարածուող Մակուի հարթութեան հետ: Անոր սահմաններուն մէջ, Դեղին գետի աջափնեայ վտակին` Մակուի աւազանին մէջ կը գտնուի Տղմուտ գետին հովիտը` Աւարայրի դաշտը:

Պայազիտի գաւառին կլիման բարեխառն է եւ առողջարար: Տեղումները` չափաւոր: Գարունը անձրեւոտ է. ամառը` մեղմ եւ չոր. աշունը` չոր, արեւոտ եւ հաճելի. ձմեռը` ցուրտ եւ ձիւնը կը ծածկէ դաշտն ու լեռները:

ՊԱՅԱԶԻՏ ՔԱՂԱՔԸ

Պայազիտ պատմական Դարոյնքն է: Կը գտնուի Թանդուրէկ լերան հիւսիսային լանջերուն, 1900 մեթր բարձրութեան վրայ: Գեղատեսիլ դիրքի վրայ գտնուող քաղաքը տարածուած է նեղ դաշտի մը խորքը, մերկ ու ժայռոտ լեռներու արանքին: Երեք կողմէն շրջապատուած է ժայռոտ լեռնագագաթներով եւ միայն հիւսիսային կողմէն բաց է, ուրկէ կ՛երեւի Գռնաւուկ դաշտին գեղեցիկ տեսարանը: Մօտակայքէն կը հոսի Կռատիկ գետակը, որուն վրայ կը գտնուի միակամար քարաշէն կամուրջը: Արարատ լեռը կը գտնուի քաղաքէն 15 քիլոմեթր հիւսիս:

Քաղաքին հիւսիսային կողմը, Անտորի դար կամ Արնաքար բարձրագագաթ քարաժայռ լերան թեք կողերուն վրայ կը բարձրանայ հինաւուրց բերդը: Գերմանացի ճանապարհորդ Վակներ անոր մասին կ՛ըսէ. «Յանդուգն եւ հրաշակերտ շինուածք մըն է, այնպիսի տեղերու վրայ հաստատուած, որ բազէներն ու անգղները հազիւ թէ կը համարձակին բոյն դնելու»: Անիկա Դարոյնք բերդն է, որ անցեալին Բագրատունի իշխաններուն ոստանն էր: Լերան բոլոր քարաժայռերուն վրայ բերդը բարձր եւ բոլորշի աշտարակներ ունէր. պարիսպները կ՛երկարէին զիկզակ ձեւով:

Պայազիտ քաղաքը երկու մասի բաժնուած է. մէկ մասը տարածուած է Քարապուրուն, իսկ միւս մասը` Էսքիքալա լերան լանջերուն: Էսքիքալայի բարձունքին կը գտնուին հին բերդին մնացորդները: Պայազիտի հին աւանդական բնակարանները կառուցուած են կարմրաւուն քարերով, տեղադրուած` լեռնալանջերուն, դարաւանդաձեւ, իսկ փողոցները` զառիթափ եւ յաճախ դժուարանցանելի: Քաղաքը հարուստ է աղբիւրներով:

ԴԱՐՈՅՆՔ ԲԵՐԴԸ

Դարոյնք բերդը

Արշակունեաց թագաւորութեան ժամանակ Դարոյնք արքունի գանձարան եւ ապաստանարան էր: Մազքութներու արշաւանքին ժամանակ, 339-ին, Խոսրով Բ. Կոտակ թագաւոր եւ Վրթանէս կաթողիկոս հոն ապաստան գտան: Պարսից Շապուհ Բ. թագաւորին արշաւանքներուն ժամանակ սպարապետ Վասակ Մամիկոնեան Դարոյնքի մէջ ամրացած կատաղի դիմադրութիւն կազմակերպեց: Արշակ Բ. թագաւորին եւ սպարապետին գերութենէն ետք, ալ Դարոյնքի մէջ դիմադրութիւնը շարունակուեցաւ Մուշեղ Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ, մինչեւ որ Պապ թագաւոր տիրեց բերդին:

Արշակունեաց թագաւորութեան անկումէն ետք Դարոյնք անցաւ Բագրատունիներուն: Այնուհետեւ բերդը տոհմին գլխաւոր նստավայրը եւ տոհմական գերեզմաննոցը դարձաւ: Դարոյնք նաեւ եպիսկոպոսանիստ էր. Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին կառուցած է Վասակի որդի Աշոտ Պատրիկ Բագրատունի: Հետագային Աշոտ Մսակեր Կամսարականներէն գնեց Անին եւ Դարոյնքէն իշխանանիստ կեդրոնը հոն տեղափոխեց: Դարոյնք կարեւոր դեր խաղաց արաբներուն դէմ 774-775-ի ապստամբութեան ժամանակ:

Դարոյնք Ժ. դարուն սկիզբը անցաւ Արծրունիներուն: 1070-ին զայն գրաւեցին սելճուքները, իսկ ԺԲ. դարուն` մոնկոլները:

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

Իսհաքփաշա պալատը

Դարոյնք ԺԵ. դարէն սկսեալ ծանօթ դարձաւ Պայազիտ անունով: Կ՛ենթադրուի, որ անիկա Պայազիտ կոչուեցաւ ի պատիւ օսմանեան սուլթան Պայազիտ Ա.ի (1389-1402): Նշենք, որ սուլթան Պայազիտի օրով առաջին անգամ օսմանցիները մտան Հայաստան: Հայ պատմիչներէն Պայազիտի մասին առաջինը յիշատակած է Առաքել Դաւրիժեցի` «բերդն Բիազտի» ձեւով, որ վերցուած է 1451-ին ընդօրինակուած Յայսմաւուրքի յիշատակարանէն:

Օսմանեան կայսրութեան եւ Պարսկաստանի միջեւ 1555-ին կնքուած դաշնագիրով Պայազիտ անցաւ Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ եւ համանուն գաւառին կեդրոնը դարձաւ: Օսմանցիք շրջանին կառավարչութիւնը քրտական Սլիվանի ցեղախումբին յանձնեցին: Պայազիտ, շրջակայ Ալաշկերտ, Խամուր, Տիատին եւ Նահիէ գաւառներուն հետ կը կազմէր Պայազիտի փաշայութիւնը, որ Էրզրումի վիլայէթին մէջ կը մտնէր:

Իսահակ փաշա ԺԷ. դարու վերջաւորութեան վերաշինեց Պայազիտի բերդը` Վիմատաշ եւ բարձր պարիսպով:

Պայազիտ գրեթէ զուտ հայաբնակ շէն քաղաք էր. Բանանիկ, Ջիլխանէ, Դեւելիկ եւ Ապտիկոր թաղերուն մէջ մօտաւորապէս երկու հազար տունահայութիւն  կը բնակէր: Հայաբնակ էին գաւառին աւելի քան վաթսուն գիւղերը:

Ռուս-թրքական առաջին պատերազմին ժամանակ (1805-1812) Պայազիտ ունէր 1735 տուն հայ եւ 310 տուն իսլամ բնակչութիւն:

1812-ին Պայազիտ այցելող Սերովբէ Կարենցի իր ուղեգրութեան մէջ կը գրէ. «Քաղաքն ունի տասներկու հազար բնակչութիւն, որի մեծամասնութիւնը հայեր են: Հայերը զբաղեցնում են հասարակական պաշտօններ եւ ապահովում քաղաքի պաշտպանութիւնը»:

Թուրք-պարսկական 1821-1823-ի պատերազմին ժամանակ պարսկական զօրքերը, Աբաս Միրզայի հրամանատարութեան տակ պաշարեցին Պայազիտը. կատաղի կռիւներ մղուեցան եւ քաղաքը մասամբ աւերուեցաւ:

Ռուս-թրքական 1828-1829-ի պատերազմին ժամանակ, 1828 յուլիսին ռուսական 1600 հոգինոց զօրագունդ մը, 400 հայ կամաւորներու աջակցութեամբ, իշխան Ճաւճաւածէի հրամանատարութեան տակ, Պայազիտի գլխաւոր մատոյցներուն, Զանգիզոր գիւղին  մօտ պարտութեան մատնեց օսմանեան հեծելազօրքը եւ պաշարեց քաղաքը: Հայերը համոզեցին կառավարիչ Պահլուլ փաշան, որ դիմադրելը անիմաստ է, եւ յուլիս 28-ին ռուսական զօրքերը առանց կռուի մտան Պայազիտ: Սակայն 1829 յունիս 20-ին, երբ ռուսական զօրքերը կը կռուէին Էրզրումի համար, Վանի փաշան 15 հազարնոց զօրքով պաշարեց Պայազիտը, ուր ռուսերը ունէին 1500 զինուոր` զօրավարներ Փոփովի եւ Փանիուտինի հրամանատարութեամբ: Ռուսական կայազօրը քանի մը անգամ ետ մղեց թրքական զօրքերուն գրոհները: Աւելի քան հազար հայ կամաւորներ միացան ռուսերուն: Հերոսական սխրագործունութիւններ կատարեցին Մկրտիչ եւ Բարսեղ Արծրունիները:

Ատրիանապոլսոյ 1829 սեպտեմբեր 2-ի դաշնագիրով Պայազիտ վերադարձուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան: Պայազիտ քաղաքէն եւ շրջակայ գիւղերէն: 4215 հայ ընտանիքներ, թուրքերու եւ քիւրտերու վրէժխնդրութենէն խոյս տալով գաղթեցին Հայկական մարզ եւ Սեւանի աւազանի Կէօքչայի մահալին մէջ բնակութիւն հաստատելով հիմնեցին Նոր Պայազիտը:

Հայերու գաղթէն ետք Պայազիտ մասամբ անշքացաւ եւ կորսնցուց իր տնտեսական նշանակութիւնը: Իսկ 1840 յունիս 20-էն սեպտեմբեր 28 տեւած իրերայաջորդ երկրաշարժները մեծ աւերածութիւններ պատճառեցին քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերուն:

Ռուսական բանակը 1854 յուլիս 29-ին առանց կռուի գրաւեց Պայազիտը, բայց 1856-ին, Փարիզի հաշտութեան դաշնագիրով քաշուեցաւ:

1877-Ի ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Պայազիտի բերդին պաշտպանութիւնը 1877 յունիսին

Ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմին ժամանակ, ռուսական զօրքերու երեւանեան ջոկատը զօրավար Արշակ Տէր Ղուկասովի հրամանատարութեամբ, 1877 ապրիլ 15-ին Իգդիրէն շարժելով պաշարեց Պայազիտը: Քաղաքին կառավարիչ Ալի Քեմալ փաշա յաջողեցաւ փախուստ տալ: Ապրիլ 18-ին ռուսեր անոնց դիմադրութեան հանդիպելու գրաւեցին Պայազիտը: Տէր Ղուկասով այնուհետեւ շարժեցաւ դէպի  Ալաշկերտ, իսկ յունիս 6-ին Ֆայիք փաշայի զօրքերը եւ թուրք ու քիւրտ պաշիպոզուքները պաշարեցին Պայազիտի բերդը: Քաղաք ներխուժած հրոսակները սկսան կոտորել եւ թալանել հայ բնակչութիւնը: Անոնք 300 ընտանիք գերեվարեցին, եւ միայն հարիւր ընտանիք յաջողեցաւ փախուստ տալ դէպի Կարս եւ Մակու:

Ռուսական կայազօրը եւ հայ կամաւորները հինաւուրց բերդին մէջ շրջապատուած, հերոսական դիմադրութիւն կազմակերպեցին: Ռազմամթերքն ու ուտեստեղէնը սպառեցան, եւ կիզող տօթին, ջուր ձեռք ձգելն ալ չափազանց դժուարացաւ: Պաշարուածները քանի մը անգամ փորձեցին տեղեկութիւն հասցնել զօրավար Տէր Ղուկասովին, բայց ամէն անգամ ալ թուրքերը կրցան բռնել սուրհանդակները: Ի վերջոյ ապարանցի Սամսոն Տէր Պօղոսեան (Րաֆֆիի «Խենթ» վէպին գլխաւոր հերոսը) գիշերով ճեղքեց թշնամիին օղակը եւ Պայազիտի վիճակին մասին տեղեկացուց Տէր Ղուկասովին, որ յունիս 26-ին օգնութեան փութաց: Յունիս 28-ի երեկոյեան ռուսական զօրքը մտաւ քաղաք եւ 23 օրուան պաշարումէն փրկեց բերդին անձնուրաց պաշտպանները:

Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրով Պայազիտ անցաւ Ռուսիոյ, բայց Պերլինի վեհաժողովէն ետք վերադարձուեցաւ Թուրքիոյ:

ՄԻՆՉԵՒ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԲՌՆԱԳԱՂԹԸ

Պատերազմի աւարտէն ետք, 1880-ական տարիներու տուեալներով Պայազիտ ունէր 260 տուն բնակիչ, որուն 134-ը թուրք, 108-ը` քիւրտ եւ 18-ը` հայ: Հետագայ տարիներուն Պայազիտ մասամբ վերաշինուեցաւ: 1909-ի տուեալներով քաղաքը ունէր հազար տուն բնակչութիւն, որուն 350 տունը հայեր էին, իսկ 1914-ի տուեալներով` հինգ հազար բնակիչ, որուն երկու հազար հոգին հայեր էին:

Պայազիտի դաշտը

Հայերը կեդրոնացած էին գլխաւորաբար Ապտիկոր թաղին մէջ եւ առեւտուրով ու արհեստներով կը զբաղէին: Նախապէս կը զբաղէին նաեւ երկրագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Շուկան ունէր մօտաւորապէս երկու հարիւր խանութ եւ կրպակ, որոնց մեծ մասը հայերուն կը պատկանէր: Արամեան երկսեռ վարժարանը մօտաւորապէս 300 աշակերտ ունէր: Սուրբ Կարապետ քարաշէն եւ փայտածածկ եկեղեցին ունէր վերանորոգումներու (1754 եւ 1879) վերաբերեալ արձանագրութիւններ: Սուրբ Վարդան եկեղեցին կը գտնուէր Ապտիկոր թաղին մէջ: Քաղաքին հարաւ-արեւմտեան կողմը, հայկական գերեզմանատան մէջ կը գտնուէին Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ աւերակները: Էսքիքալայի մէջ կը գտնուէին Դարոյնք եւ Լուսաղբիւր ուխտատեղին: Կային նաեւ Թուխ Մանուկ, Սուրբ Սիմոն, Ղզրօ եւ Գառնիկ աղբիւր ուխտատեղիները:

Բերդի դրան մօտ կը գտնուի սպիտակ ու կարմիր քարերով կառուցուած բոլորագմբէթ մզկիթը եւ քիչ մը վար` կարմրաքար հոյակերտ Իսհաքփաշա պալատը:

Առաջին համաշխարհային պատերազմին ժամանակ, 1914 հոկտեմբեր 21-ին ռուսական զօրքերը եւ հայ կամաւորները գրաւեցին Պայազիտը: 1918-ին թուրքեր կրկին գրաւեցին զայն. հայ բնակչութիւնը տեղահանուեցաւ. մէկ մասը զոհուեցաւ, իսկ մնացեալները անցան Արեւելեան Հայաստան: Ներկայ Տոկուպայազիտ մեծամասնութեամբ քրտաբնակ քաղաք է:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

 

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (28 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

Յաջորդը

ՄԱՆԿԱԲՈՅՐ ԵՐԵԿՈՅ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.