Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կրտսեր տարիքի պատանիներու կռփամարտի ախոյեանութեան ընթացքին, Հայաստանի հաւաքականին 9 անդամները, հասնելով կիսաւարտական հանգրուան, նուազագոյնը ապահովեցին պրոնզէ մետալներ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ հինգշաբթի, 8 օգոստոսը ախոյեանութեան հանգիստի օրն է:
Այսօր` ուրբաթ, 9 օգոստոսին, տեղի կ՛ունենան կիսաւարտականի ճակատումները:


