Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան, ուժանիւթի եւ ջրամբարներու վերաբերող ծրագիրներ:
Նախագահ Աուն ընդունեց Արտերկրի լիբանանցիներու մարոնի համայնքի կազմակերպութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան կոչ ուղղեց բոլորին չմտահոգուելու Լիբանանի ճակատագիրով, որովհետեւ լիբանանցիները միշտ ալ տագնապներէն կրնան դուրս գալ:
«Թերեւս այսօր մեր հայրենիքը դժուար փուլէ մը կ՛անցնի, սակայն ասիկա նաեւ այլ երկիրներու իրավիճակն է: Մի՛ վախնաք Լիբանան այցելելէ, որովհետեւ ահաբեկչութեան մաքրագործումէն ետք, երկիրը ապահովական կայունութիւն կը վայելէ», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն ընդգծեց Արտերկրի լիբանանցիներու մարոնի համայնքի կազմակերպութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` արտերկրի լիբանանցիներուն լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու իմաստով:
Նախագահ Աունի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկիրը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ցաւակցագիր մը յղեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին` խստիւ դատապարտելով Գահիրէի մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւնը: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:



