Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 7, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ միջտիւրզիական հաշտութիւն գոյացնելու իր նախաձեռնութիւնը կասեցուցած է` աւելցնելով, որ ամէն անգամ, երբ դրական քայլի մը դիմէ, այլ հարց կը բացայայտուի: Պըրրի նշեց, որ ինք չի գիտեր, թէ այս հարցը ինչպէ՛ս կարելի է լուծել:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Սեզար Մաալուֆ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ իր պատասխանատուութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած խուսափողական մօտեցումը Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն դէմ գործուած ոճիր մըն է:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրիի խորհրդատուներէն նախկին երեսփոխան Ամմար Հուրի հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր պատասխանատուութիւնը պոյքոթի չէ ենթարկած` աւելցնելով, որ կառավարութեան յաջող նիստ մը գումարելու յոյսերը ցարդ առկայ չեն:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդգծած է, որ Քապըր Շմունի միջադէպը պէտք է լուծուի դատական իշխանութիւններուն ճամբով եւ համաձայն Լիբանանի սահմանադրութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ հաստատեց, որ պլոքին անունով խորհրդարանին յանձնած է ընտրական նոր օրէնք մը, որ իրենց կարծիքով ազգային, արդի եւ համապարփակ ընտրական օրէնք մըն է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ Քապըր Շմունի ոճիրը դիտմամբ գործուած է` աւելցնելով, որ այս թղթածրարին վերաբերող իրականութիւններուն նենգափոխումը ապարդիւն է, իսկ դատական իշխանութիւնները իրենց պարտականութիւնները պիտի կատարեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ սահմանադրութեան թիւ 95 յօդուածը յստակ է եւ ոչ մէկ բացատրութեան կամ մեկնաբանութեան կարիք ունի: Անդրադառնալով Լեռնալիբանանի մէջ գոյացած հաշտութեան` Ժահժահ յայտնեց, որ այդ հաշտութիւնը առկայ է եւ կը շարունակէ գոյատեւել:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ցաւակցական Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Եգիպտոսի Դեսպանին

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Պլոք. «Մագլցողական Կեցուածքները Կը Սպառնան Քաղաքացիական Անվտանգութեան Եւ Ազգային Համերաշխութեան»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.