Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ չյաջողեցաւ տիրանալ Գերմանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսին երբ Պորուսիա Տորթմունտի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած 81365 հանդիսատեսներու ներկայութեան, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց երկրին փոխախոյեան Պորուսիա Տորթմունտէն:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին` Փաքօ Ալքասեր (48-րդ) եւ Ճէյթըն Սանչօ (69-րդ):



