ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ Ատհայի տօնին առաջին օրը երկուշաբթի, 12 օգոստոս 2019-ին է:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ Պքերքէի ընկերային-տնտեսական ֆորումին ընթացքին հաստատեց, որ այն յայտարարութիւնները, թէ Լիբանանը սնանկանալու սեմին է, անհիմն են, եւ ոչ մէկ ձեւով կարելի է զանոնք արդարացնել:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահած իր պատարագին ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն վերադառնալու երկրին սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին գործադրութեան:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հասան Լաքքիս կոչ ուղղեց պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութեան ամբողջացումին` ապահովելով երկրագործութեան եւ տնտեսութեան շահերը:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Ֆատի Ժրայսաթի կոչ ուղղեց կենսոլորտի նախարարութեան աշխատանքներուն եւ անոր մշակած աշխատանքային ծրագիրներուն վստահութեամբ մօտենալու:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մէյ Շիտիաք տարօրինակ նկատեց այն իրականութիւնը, որ ոեւէ մէկը ինքզինք իր հայրենիքէն շատ աւելի վեհ նկատէ, ինչպէս նաեւ վարուի այնպիսի ձեւով, որ կարծէք կառավարութեան ճակատագիրը միայն իրմէ կախեալ ըլլայ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու նախագահական համաձայնութիւնը, որ խախտեց լիբանանեան ընդհանուր համակարգը, ինչպէս նաեւ սահմանադրութեան, պետական հաստատութիւններուն եւ կառավարութեան աշխատանքին նկատմամբ գոյութիւն ունեցող յարգանքը ոչնչացուց:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հաստատեց, որ ահաբեկչութիւնը դարձեալ սկսած է հարուածել աշխարհի տարբեր շրջանները, եւ կոչ ուղղեց իբրեւ լիբանանցիներ դասեր քաղելու այս իրականութենէն եւ միասնականութեամբ պայքարելու անոր դէմ` պաշտպանելու համար լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խստիւ դատապարտեց Օհայոյի եւ Թեքսասի մէջ կատարուած զինեալ յարձակումները, որոնց պատճառով զոհուած ու վիրաւորուած են մեծ թիւով քաղաքայիններ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանը իր միասնականութեամբ եւ բազմազանութեամբ կը մնայ Լիբանանի փայլուն պատկերը խորհրդանշող իրականութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի յանձնառու է, որ նախարարաց խորհուրդին մթնոլորտը մնայ առողջ եւ հանդարտ եւ ոչ թէ զայն առաջնորդէ դէպի պայթում:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին կոչ ուղղեց իմաստուն կերպով եւ գիտակցութեամբ գործելու Լիբանանի մէջ` անյապաղ վերադառնալով կառավարութեան նիստերու գումարումին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ Պասքինթայի մէջ կատարուած շրջապտոյտի մը ընթացքին յայտնեց, որ իշխանութիւնը զիրենք չի շլացներ` աւելցնելով, որ իրենց ուժն ու կորովը կը ստանան ժողովուրդին ցուցաբերած սիրոյ ընդմէջէն:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան շեշտեց, որ ներկայիս տիրող կացութիւնը բաւական դժուար է` աւելցնելով, որ աշխատանքները արգելակելու առանցքն է, որ երկրին մէջ տիրական կը մնայ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Հըզպալլա կը քաջալերէ Քապըր Շմունի թղթածրարին վերաբերող որեւէ լուծում` ընդգծելով, որ կառավարութիւնը պէտք է գումարէ իր նիստը` լուծելու համար լիբանանցի քաղաքացիներուն դիմագրաւած հարցերը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ Ժահիլիէի մէջ մեծարեց պետական քննութիւններուն յաջողած աշակերտները: Այս առիթով Ուահապ ընդգծեց, որ դատական իշխանութիւնն է միակ հեղինակութիւնը, որ կրնայ լուծել Լեռնալիբանանի միջադէպը: Ան կոչ ուղղեց նաեւ զօրակցելու բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտներու դէմ յանդիման կը գտնուի, որովհետեւ վարչապետ Սաատ Հարիրի մտահոգ է, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կրնայ նեղանալ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ Հըզպալլա պիտի մասնակցի կառավարութեան նիստին, եթէ նախարարաց խորհուրդը նիստի հրաւիրուի:


