Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔԸ. 1915-ԷՆ ԱՌԱՋ ԵՒ ԵՏՔ

December 27, 2011
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայերն ու ասորիները բնաջնջուեցան, ուղեղի եւ դրամագլուխի արտագաղթ տեղի ունեցաւ: Մինչ 1920-ական թուականներուն Տիգրանակերտի տնտեսութիւնը երկրին մէջ երրորդ դիրքի վրայ գտնուէր, այսօր անիկա ինկած է 66-րդ դիրքի: Անոնք մեկնեցան, եւ երբեւիցէ խաղաղութիւն չտիրեց այս հողերուն վրայ. աղքատացա՛նք: Ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ալ տնտեսական կայունութիւն ունեցանք: Նուիրական արժէք մը պղծուելուն համար անիծուեցանք»: Այս խօսքերը կը պատկանին քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրին, արտասանուած` Տիգրանակերտի մէջ նոյեմբերին կայացած ընկերատնտեսական համագումարի մը ընթացքին:

ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾ ՈԳԻՆ ԵՒ ԲԱՐՁՐ
ՄՇԱԿՈՅԹԸ ՎԵՐՋԱՑԱՒ

Թուրքիոյ մէջ պատմութեան ուսուցումը երկու հանգամանք նկատի ունեցած է, 1) ինքնագովութիւն եւ մաքրամաքուր վարք, 2) ընկերատնտեսական բովանդակութենէ զուրկ, միմիայն դէպքերու (այդ ալ մեզի ի նպաստ բարեփոխելով) ժամանակագրական կարգով փոխանցում, յարդի նման չոր ու ցամաք: Հիմա հասած ենք հայերու հետ հաշուեյարդարի երրորդ փուլին, սեպտեմբեր 2005-ին կայացած «Օսմանեան հայոց խորհրդաժողովէն» եւ դեկտեմբեր 2008-ի «Հայերէն ներողութիւն հայցէն» ետք:

«1915-ի հայոց եւ ասորիներու ջարդերը ոչնչացուցին Անատոլուի միջին խաւը: Հսկայ երկրին առեւտուրը, արտածումն  ու ճարտարարուեստական արտադրութիւնը այս մարդիկը կ՛ընէին. մետաքսի, յախճապակիի, գորգի, հիւսուածեղէնի ներկարարութեան, պղնձագործութեան, ոսկերչութեան, քարկոփութեան, փոքր առեւտուրի, պիստակի եւ ծխախոտի գլխաւորութեամբ ամբողջ ճարտարարուեստի բուսականութեամբ: Երեւակայեցէք, որ 1882-ին Անատոլուի արտածումի նաւահանգիստ` Տրապիզոնի եւ Պոլսոյ միջեւ հինգ տարբեր նաւային ընկերութիւններ կ՛աշխատէին. նաւահանգիստին մէջ տարեկան 500-է աւելի նաւային գործողութիւն տեղի կ՛ունենար: Պոլսոյ եւ Կիրասոնի միջեւ շաբաթական չորս, իսկ Պոլսոյ եւ Օրտուի միջեւ շաբաթական երեք ճամբորդութիւն կ՛իրականացուէր: Այսօր Պոլիսէն Պոտրում եկող նաւերուն թիւը տարեկան 48-ն է: Խայտառակութիւնը միմիայն տնտեսութեամբ չսահմանափակուեցաւ. Անատոլուի միակ բարձր մշակոյթի կալուածն ալ ոչնչացաւ: Օրինակի համար, միմիայն Խարբերդի հովիտին մէջ 8660 աշակերտ յաճախող 92 հայկական վարժարաններ կային: Աթաթուրքը ծնած է Խարբերդի մէջ հայկական թատրոն սկսելէն տարի մը ետք: Հոս Սուրսուրեան եղբայրներու նկարահանումի սրահը բացուած էր 1890-ին: Արդեօք այսօր Խարբերդի մէջ թատրոն կը գտնուի՞. տնտեսութի՞ւնը ինչ վիճակի է»:

ՔԻՒՐՏԵՐԸ ԻՆՉԵ՜Ր ԸՍԻՆ

Նիւթաբարոյական այս քաղաքակրթութեան կործանումին համար մենք պարտական ենք թուրք ազգայնամոլ իթթիհատականներուն. իսկ անոնց գործածած քիւրտ ժողովուրդին թոռները ի՞նչ կը մտածեն: Համագումարին կազմակերպիչներէն Ճենկիզ Աքթար բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Յիշողութիւնը այս հողերուն կը վերադառնայ. տակաւին շատ սկիզբները կը գտնուինք, եւ ճամբան ալ շա՜տ երկար է, սակայն հսկան շիշէն դուրս եկած է անգամ մըն ալ չմտնելու պայմանով. այս հողերուն վրայ ապրողներուն մեծամասնութիւնը, խորքին մէջ, չ՛ուրանար եղածները, անոնք պարզապէս կը կրկնեն այն սխալը, որ սորված են»: Այս համագումարի ընթացքին այդ սխալը գրեթէ չլսեցինք քիւրտերէն: Պայտեմիր հետեւեալ ձեւով ներկայացուց. «Եթէ կը փափաքինք ազատ կեանք մը ունենալ, հարկ է, որ կարենանք դէմ յանդիման գալ մեր անցեալին հետ: Եթէ մեր ժողովուրդի անցեալին մէջ վատութիւններ պատահած են, զանոնք մերժելն ու անոնց մաս չկազմելը մեր բարոյական, խղճմտանքի եւ քաղաքական պարտաւորութիւնն է: Թուրք մը կամ քիւրտ մը անձնապէս պատասխանատու չի կրնար նկատուիլ այս կոտորածին, պայմանաւ որ այդ շրջանի կեղտոտութիւնը դատապարտէ: Ես իմ հաշուոյս կը մերժեմ մեծ հայրերուս մեծ հայրութիւնը. փոխարէնը` կը փափաքէի, որ իմ մեծ հայրս ըլլային այն մարդիկը, որոնք ի գին իրենց կեանքին` դէմ դրին այդ կոտորածներուն»: Թուրքիոյ բազմամշակութային քաղաքապետներէն` Ապտիւլլա Տեմիրպաշ ամբողջացուց. «2005 թուականն էր. ասորի մը այցելութեան եկաւ եւ ըսաւ. «Քեմալականներուն ձեզի ըրածը դուք ալ մեզի՞ պիտի ընէք. իբրեւ քիւրտ, շատ դառնութիւններ ապրած էի մայրենի լեզուիս հետ առնչուող. փոխանակ ուրիշներուն վրայ ալ զանոնք կիրարկելու` որոշեցինք, որ անոնք պէտք չէ ապրէին նոյն դառնութիւնները. այն, ինչ որ ինծի համար կ՛ուզեմ, ուրիշին համար ալ նոյնը կ՛ուզեմ»:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ Ի՞ՆՉ ԸՐԱՒ

Սփիւռքէն մեծ թիւով բանախօսներ եւ ունկնդիրներ եկած էին: Անոնցմէ մէկը ճիշդ առջեւս նստած էր. պահ մը նկատեցի, որ զիս կը նկարէ, եւ անմիջապէս հարցուցի անուն ու որտեղացի ըլլալը. սփիւռքի ամէնէն «կծու» քաղաքներէն համարուող Լիոնէն եւ անունը Մանուկ Փամուքճեան է եղեր, իսկ ծնողները` Սեբաստիայէն. երբ խօսքը իրեն տրուեցաւ, ըսաւ. «Ես մտաւորական մը չեմ, գործատէր եմ: Երբ եւրոպական ժողովրդավարութիւնները հիւանդացած վիճակ ունին, եւ մարդիկ պարտքեր վճարելէ տարբեր նիւթ չունին, մենք հոս ժողովրդավարութեան ուղիները կը քննարկենք: Սա վայրկեանին ներքին խռովք մը կ՛ապրիմ. շատ երջանիկ եմ, որ ձեզի հետ միասնաբար ժողովրդավարութեան եւ ինքնութեան վերաբերեալ խնդիրներով կը վիճաբանինք. ըստ իս, ասիկա ճանապարհաքար մը պիտի ըլլայ: Վերադարձիս այստեղ քննարկուած նիւթերը թարգմանելով` պիտի հրատարակեմ. եւ մասնաւորաբար ֆրանսացի աջակողմեան քաղաքագէտներուն պիտի ղրկեմ զանոնք: Շատ երջանիկ եմ ձեզի հետ ըլլալուս համար»:

Մինչդեռ, իմ ճանչցած սփիւռքս, ոչ  թէ Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած համագումարի մը մասնակցելով նման խօսքեր կ՛ըսէր, այլ նոյնիսկ կը մերժէր թուրքի մը հետ ծանօթանալ` նախքան «ներողութիւն հայցելու» արշաւը:

ՌԱՔԵԼԻՆ ՈՂԲԸ…

Համագումարին վերջին խօսքը տրուեցաւ Ռաքելին. ան սովորական իր տխուր բայց արժանապատուութեան կոթողի իր տիպարով բեմ բարձրացաւ եւ ըսաւ. «Ըսելիքներս, անկողինէն եւ սիրելիներէն բաժնուելով աստուծոյ ողորմութեան ապաւինած եւ անոր բերնով ըսուած հրաժեշտի օրհներգ մըն է: Ես այս ողբի երգը կը նուիրեմ փողոցներու մէջ չարչարանքով սպաննուած Գրիգոր Զոհրապներուն եւ ոսկորներն անգամ անհետացածներու յիշատակին. քրտերէն է»: Եւ Վարդոյի ցեղախումբէն Ռաքելը իր մայրենի լեզուով` քրտերէնով սկսաւ երգել ողբի երգը` ճմլելով բոլորիս սիրտերը:

ՊԱՍՔԸՆ ՕՐԱՆ
«Ռատիքալ»

20-11-12

Հայացուց
Գ. Կ.

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ՊԱՅՔԱՐ ՄԸ ՏԱՐԱՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՎԵՐՖԵԼԻ ՎԷՊԸ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՉՎԵՐԱԾՈՒԻ. ԱՅՇԷ ՀԻՒՐԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԸ

Յաջորդը

ՆԿԱՐԻՉ, ՈՐ ՁԳՏՈՒՄ Է ԴԷՊԻ ԱՆՎԵՐՋՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՆԿԱՐԻՉ ՄՈԿՈՅԻ (ՄԱՐԻԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ) ՀԵՏ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.