Լիբանանի պիչ ֆութպոլի 2019 տարեշրջանի ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք սկսան նախորդ շաբաթավերջին, իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբը:
Մրցումները տեղի կ՛ունենան Ամշիթի դաշտին վրայ:
Թէեւ ՀՄԸՄ-ի կազմը իր կատարած առաջին մրցումին 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, սակայն մարզիկները տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցան (Պէյրութի դէմ):
Վաղը` չորեքշաբթի, 31 յուլիսին, խումբը կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, Հըրրիէ Սայտայի դէմ (երեկոյեան ժամը 19:00-ին):
Խումբին մարզիչն է Սագօ Էսքիճեան, յանձնախումբին անդամներն են` Սէրուժ Աբիկեան, Արմէն Գասպարեան եւ Տիգրան Թովմաս, իսկ մարզիկները` Դաւիթ Պէրպէրեան, Աւետիս Աւետիքեան, Սերժ Գույումճեան, Սերժ Չաքըրեան, Վաչէ Ղուկասեան, Խալիլ Աշքինթա, Յարութ Սարգիս, Յարութ Մումջողլեան եւ Նարեկ Յարութիւնեան:



