Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Երկսայրի Սուրը

July 27, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ռուսիոյ Տուման 24 յուլիսին վաւերացուց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) կանոնադրութիւնը փոխող երկրորդ եւ երրորդ արձանագրութիւնները: Վերջինիս հիմամբ կը նախատեսուի ՀԱՊԿ-ի դէտի եւ գործընկերոջ կարգավիճակ շնորհել կազմակերպութեան անդամ չեղող երկիրներու, ինչ որ Հայաստանի համար կը բարձրացնէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի` ՀԱՊԿ-ի նիստերուն մասնակցութեան ուրուականը, մանաւանդ այդ երկու երկիրներուն Ռուսիոյ հետ ունեցած յարաբերութիւններուն լոյսին տակ:

Վերոնշեալ արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացուին ՀԱՊԿ-ի մնացեալ անդամ երկիրներուն խորհրդարաններուն կողմէ: Հայաստանի խորհրդարանին պարագային զանոնք կտրուկ կերպով մերժելու փորձութիւնը բնականաբար շատ մեծ է:

Նախքան այդ քայլը առնելը, սակայն, պէտք է նկատի ունենալ հետեւեալ երկու իրողութիւնները. առաջին` դէտի եւ գործընկերոջ կարգավիճակի երեւոյթը բնորոշ է միջազգային կազմակերպութիւններուն, եւ Մոսկուան զայն ստեղծելով կը փորձէ ՀԱՊԿ-ին շնորհել միջազգային հեղինակութիւն եւ դերակատարութիւն, բան մը, որմէ մինչեւ օրս զրկուած էր ան: Երկրորդ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովը իր լիազօրութիւններու աւարտէն առաջ տուն կանչելով եւ ՀԱՊԿ-ի մէջ երկարատեւ բաց մը եւ տագնապ մը ստեղծելով արդէն հարուածած է կամ առնուազն վնաս պատճառած այդ կազմակերպութեան հեղինակութեան: Մոսկուայի նպատակին իրագործումը արգելակող յաւելեալ քայլ մը կրնայ զայրացնել իր կոշտ ու կոպիտ հակազդեցութիւններով ծանօթ ռուսական արջը:

Պէտք է ըլլալ զգուշ եւ փորձել Հայաստանի գլխուն վրայ կախուած այս երկսայրի սուրին տակէն դուրս գալ` որդեգրելով կառուցողական մօտեցում մը. միաձայնութեամբ որդեգրել երկրորդ արձանագրութիւնը, իսկ խնդրայարոյց երրորդին պարագային ներկայացնել բարեփոխման հետեւեալ առաջարկը. ՀԱՊԿ-ի դէտի կամ գործընկերոջ կարգավիճակ կրնայ ստանալ այն երկիրը, որ դիւանագիտական բնականոն յարաբերութիւններ ունի  կազմակերպութեան անդամ երկիրներէն իւրաքանչիւրին հետ եւ չունի անոնցմէ որեւէ մէկուն հետ փակ սահման կամ տագնապ:

 

 

 

 

Նախորդը

Լիզպոնի Հինգ Անմահ Հերոսներու Յիշատակի Ոգեկոչում

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.