Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏՕՆԱԿԱՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՓՈԽԱՆՑՈՂ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ` «ՈՒՐԱԽ ՏԱՐԵԴԱՐՁ» ԽՈՒՄԲԻՆ ՀԵՏ

December 24, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 23 դեկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, իւրայատուկ եւ մանկական զուարթ մթնոլորտ կը տիրէր «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, ուր մեծ թիւով մանուկներ ու պատանիներ ժամադրուած էին «Ուրախ տարեդարձ» խումբին հետ, որ խոստացած էր հանդիսութեան աւարտին Կաղանդ պապան եւս կանչել սրահ:

Իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ լիբանանահայ մանուկներ ու պատանիներ լեցուցած էին սրահը, ուր տեղի ունենալիք հանդիսութիւնը թէեւ հասցէագրուած էր իրենց, բայց եւ այնպէս մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց նաեւ չափահասներուն մօտ:

«Ուրախ տարեդարձ» խումբի հիմնադիր Թալին Լատոյեան-Զալալ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ վստահեցուց, որ բաւական ուրախ եւ խաղով, պարով ու երգերով լեցուն ժամանակ պիտի անցընեն: Ան իր խոստումը լիովին յարգեց, որովհետեւ սրահին մէջ գտնուող մանուկներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցան խաղեր, կատարուեցան պարեր, մեկնաբանուեցան երգեր, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասան Կաղանդ պապային գալուստին նուիրուած երգերով: Թալինը, Ժպիտն ու Զուարթիկը, ձիւնեմարդը բեմին վրայ պարեցին, երգեցին, ցատկեցին, խաղեր կազմակերպեցին եւ շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ տօնական խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին սրահին մէջ` խինդ ու ժպիտ փոխանցելով փոքրիկներուն: Ապա բեմ բարձրացաւ նաեւ Կաղանդ մաման, որ աւետեց Կաղանդ պապային գալուստը:

Սրահին մէջ մանուկներուն եւ պատանիներուն երջանկութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ Կաղանդ պապային մուտքով. ներկաներուն մեծամասնութիւնը իրենց աթոռներուն վրայ չէին, այլ` Կաղանդ պապուկին մօտ: Ալեհեր Կաղանդ պապան եւս միացաւ «Ուրախ տարեդարձ» խումբին, պարեց անոր անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ խրատներ տուաւ ներկայ փոքրիկներուն եւ պատանիներուն` ըլլալու աշխատասէր, պարտաճանաչ, սիրելու մայրենի լեզուն եւ պահպանելու զայն:

Ապա մանուկները առիթ ունեցան նկարուելու Կաղանդ պապային հետ եւ տեղւոյն վրայ իրենց լուսանկարները ստանալէ ետք բարձր տրամադրութեամբ ու Կաղանդ պապային ներկայութենէն բխած ուրախութեամբ մեկնեցան իրենց տուները: Հետաքրքրական էր, որ մուտքի տոմսին վրայ կար յատուկ հարցարան մը, ուր խնդրուած էր մանուկներուն անուն մականունը, ինչպէս նաեւ Կաղանդ պապայէն ակնկալած իրենց նուէրը ճշդել: Կաղանդ պապուկին հետ նկարուելէ ետք մանուկները իրենց նամակ-տոմսերը զետեղեցին յատուկ սնտուկի մը մէջ:

Նշենք, որ Թալինին կողքին յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արազ Լատոյեան, Ռոյ Աւագեան, Շաղիկ Յովսէփեան, Սիմոն Տէրտէրեան, Արա Բարսեղեան, Նաթալի Սթամպուլեան եւ Նաթալիա Աբրահամեան:

 

 

Նախորդը

ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ՕՐԷՆՔԻ

Յաջորդը

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ ՈՒՐԱԽԱՑՈՒՑ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.