Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սլէյման Ֆրենժիէի

July 12, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղ, նախկին նախարար Ղազի Արիտի, կուսակցութեան փոխնախագահ Քամալ Մուաուատ, ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահի խորհրդատու Հուսամ Հարպ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգային համախմբումի երեսփոխաններ Թոնի Ֆրենժիէ, Ֆարիտ Հայքալ Խազեն, Մուսթաֆա Հիւսէյնի, Ըսթֆեն Տուէյհի, Ֆայեզ Ղոսըն, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լեռնալիբանանի միջադէպին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Հանդիպումէն ետք Արիտի յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին Լեռնալիբանանի միջադէպին գծով յանգիլ այնպիսի լուծման, որ լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը կը հաստատէ եւ պետական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը կ՛աշխուժացնէ` ապահովելով բոլորին շահերը:

Արիտի շեշտեց օգտագործուած քաղաքական բառամթերքի պարկեշտութեան եւ ուրիշին հասցէին յարգալիր կեցուածք ունենալու սահմաններուն կարեւորութիւնը` ընդգծելով բազմազանութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց հեռու մնալու ցեխարձակումներէն եւ սադրանքներ պատճառող հռետորաբանութենէն:

Արիտի մաղթեց, որ կառավարութիւնը վերադառնայ իր նիստերը գումարելու` հաստատելով, որ նիստերը գումարելու որոշումը վարչապետ Սաատ Հարիրիի իրաւասութիւնն է:

Արիտի նկատել տուաւ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի միջեւ նախագահական պալատին մէջ տեղի ունենալիք հաշտութեան վարկածը անճիշդ է:

Իր կարգին, Ֆրենժիէ ըսաւ. «Մեր եւ տղոց միջեւ փոխըմբռնում կայ»:

 

Նախորդը

Միւֆթի Տըրիան Կոչ Ուղղեց Քաղաքական Ուժերուն Երկրին Շահերը Աւելի Բարձր Նկատելու

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Ամերիկեան Քինախնդիր Քայլերը Մեր Համոզումներէն Ոչինչ Պիտի Կարենան Փոխել»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.