Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՇՄԱՐ. ՇԸՇՇՇՇՇ…

December 23, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Մ.

Հանդիսութեանց պահուն (երբեմն կազմակերպուած` ճաշի սեղաններու շուրջ), դասախօսական կամ երաժշտական, բեմական ու նմանօրինակ գեղարուեստական ձեռնարկներու, մինչեւ անգամ եկեղեցական արարողութեանց ընթացքին, յաճախ ականջալուր կ՛ըլլանք ներկաներու միջեւ բարձրաձայն զրոյցներու, որոնք աստիճանաբար բարձրացող աղմուկով կը լեցնեն սրահն ու հանդիսավայրը. բեմէն կամ սրահի յառաջամասէն ծանուցուածը կը դառնայ անհասկնալի, ականջներուն անմատչելի. ի վերջոյ, սրահին այս կամ միւս ծայրէն կը բարձրանայ հրամայական մը.

Շըշշշշշշ…

Աղմուկը կը մեղմանայ, կը դադրի, քիչ ետք դարձեալ աստիճանաբար բարձրանալու համար:

Երբեմն խօսակցութեանց աղմուկին կ՛ընկերանայ նաեւ բջիջային հեռաձայնի մը զանգին երաժշտական ձայնը (երբեմն այնքան տարօրինակ, որ սրահին մէջ խնդուք կը յառաջացնէ ու «կը նպաստէ» մթնոլորտին աւելի եւս խանգարման), հակառակ անոր որ հանդիսավարը սկիզբէն յայտարարած կ՛ըլլայ, աղաչական խնդրանքով կամ չվիրաւորող կատակով մը, որ հեռաձայնները անջատուին կամ դրուին «լուռ» դրութեան մէջ:

Երկուքն ալ վրդովմունք պատճառող երեւոյթներ են. տգիտութիւն, յետամնացութիւն եւ անմշակութայնութիւն կը մատնեն գիտութեանց այս դարուն:

Այլապէս, ի՞նչ բացատրութիւն տալ նման վարմունքի:

Հարցում. արդեօք ինչպիսի՞ անյետաձգելի նիւթեր կ՛արծարծուին յիշեալ պահերու, երբ հարկաւոր է լռել եւ դասախօսութիւն մը, մեծարեալի մը ներկայացման խօսքը, երգ մը, նուագ մը կամ պատգամ մը ՄՏԻԿ ԸՆԵԼ:

Կը պատահի, որ նման խօսակցութիւններ սկսին ու ա՛լ վերջ չգտնեն, մինչեւ անգամ «Շըշշշշշ…»-ին պատասխանուի դժգոհութեան արտայայտութեամբ մը, որ կը նշանակէ. «Դուն ո՞վ ես որ…»:

Փաստօրէն, կայ խօսելու պահ, բայց նաեւ` լռելու եւ մտիկ ընելու պահ: Ճիշդ է` դպրոցներուն մէջ նման բաներ կը սորվեցնեն, սակայն դպրոցէն փոխանցուող շատ մը բաներու պէս, այս ալ շուտով կը դրուի լուսանցքի վրայ:

Յստակացնենք. նման վիճակ «մենաշնորհը» չէ հայկական մեր միջավայրին, այլ նման կացութիւններու մէջ կարելի է գտնուիլ քիչ մը ամէն տեղ: Մարդս կրնայ համալսարանական ամէնէն բարձր վկայականին արժանացած ըլլալ, քանի մը վկայական ալ ունենալ, սակայն լռելու ու խօսելու պահերը իրարմէ զանազանելու իմաստութեան չհասնիլ:

Կարելի է նման կացութիւն ստեղծող շաղակրատներու հանդէպ չբաւականանալ «Շըշշշշշ…»-ով, այլ` պահանջել անոնցմէ, որ իրենց խօսակցութիւնը փոխադրեն սրահէն դուրս:

Պահերը իրարմէ զանազանելը ճաշակ, նրբամտութիւն եւ գլխագիր մշակոյթ կը պահանջեն: Զուրկ չենք այս արժանիքներէն: Կարեւոր է, սակայն, այս արժանիքին տէր կանգնիլ, չմոռնալ ու կիրարկել` անհատապէս ու հաւաքաբար:

 

 

Նախորդը

Ի ՊԷՏՍ ԶԱՐԳԱՑԵԼՈՑ (Տառադարձական հարցեր)

Յաջորդը

«ԱՅՍ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՉԷՐ, ԱՅԼ ՊԱՏՄԱԿԱՆ, ՈՐ ՅԱՒԵՐԺ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» ԸՍԱՒ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.