Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿՈՄԻՏԱՍ-ԿԱՆԱՉԵԱՆ. LE MAÎTRE ET SON DISCIPLE (ՎԱՐՊԵՏՆ ՈՒ ԻՐ ՀԵՏԵՒՈՐԴԸ)

December 23, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՊԻՍ ԱՓՐԻԿԵԱՆ

Կոմիտասի ծննդեան 100-ամեակի տօնակատարութեան, Սիփան-Կոմիտաս երգչախումբի համերգի յայտագիր-գրքոյկին մէջ կը գրէի. «… եթէ չպատահէր 1915-ի ապրիլեան եղեռնը, հայ ազգային երաժշտութիւնը եւս պիտի ունենար իր ոսկեդարը… (խօսքս 5-րդ դարու գրերու գիւտով ստեղծուած ոսկեդարի մասին է, ուրիշ վարդապետի մը` Մեսրոպ Մաշտոցի գիրերու գիւտով): … Հակառակ այդ աղէտին (1915-ի) հայ տաղանդը, որպէս անվհատ ծիծեռնակ, կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ կառուցանել յաջորդ յարկերը մեր երաժշտական շէնքին, (այժմ պիտի ըսէի` երգարուեստին), որուն հիմը դրաւ վարպետ վարդապետը» (1969):

Այս անվհատ ծիծեռնակն էր Բարսեղ Կանաչեան: Կոմիտաս արթնցուցած էր Բ. Կանաչեանի մօտ հայ ժողովրդական երգի արժէքը եւ ինքնուրոյնութիւնը:

– Կոմիտաս, բազմաձայնելու համար ժողովրդական երգերը, օգտագործած է հակակիտութիւնը (contrepoint): Մեկնաբանութեան (exécution) ժամանակ, ունկնդրի ականջին կը հնչեն նոր մեղեդիներ, նմանողութիւններ (imitation), երգչախումբի զանազան բաժիններուն մէջ, որով երկը կը դառնայ շահեկան (լաւագոյն օրինակը Սուրբ Պատարագի բազմաձայնութիւնն է): Սակայն գործին երաժշտական շահեկանութիւնը կը կորսուի, երբ խմբերգին յաջորդ տուները կ՛երգուին առաջինին մշակումով – յար եւ նման: Այլազանութիւն մտցնելու համար, Կոմիտաս եւ յաջորդող խմբավարներ, երգեցողութիւնը կը կատարէին (l’exécution) (եւ այժմս ալ կը կատարեն) քանի մը խմբերգներ իրար կպցնելով, կազմելով ծաղկեփունջ մը (suite): (Այս ձեւի կատարողութիւնը դարձած է աւանդութիւն, զոր նորեկ խմբավարներ կ՛անգիտանան): Այս փունջին կամ շարերգին (suite) կազմութիւնը կ՛ըլլայ ըստ խօսքի իմաստին, ձայնակայքին (tonalité) եւ ընթացքներու (mouvements) հակադրութեան (օրինակ, «Գարուն ա» եւ «Անձրեւն եկաւ», «Օրօր Ադինօ» եւ «Սոնա եար» կամ «Հարալօ», «Մեր բալը ծառ ա», «Իմ չինար եարին» եւ ինչու չէ «Իմ չինար եարը», եւ այլն):

–Կանաչեանկ՛որդեգրէ առաւելաբար դաշնաւորումը (harmonie), բազմաձայնելու համար իր մեղեդիները: Իր խմբերգները բացի 3-էն («Դալիլօ», «Վարդերի հետ» եւ «Նանօր») ունին Կոմիտասի եւ ընդհանրապէս հայ երաժիշտներու կողմէ ընդգրկուած կառոյց (կամ ոչ կառոյց), այսինքն` երգին բոլոր տուները ունին նոյն մշակումը: «Շուշօ», «Մարալօ», «Գորանի» եւ այլ խմբերգները ունկնդրելով կը զգանք արդէն, որ Կանաչեան կ՛ուզէ ձերբազատիլ այս ընկալեալ սովորութենէն, միօրինակութենէն:

Բացառութիւն են վերոյիշեալ 3 գործերը, ըստ իս` հայ a capella խմբերգներուն լաւագոյնները, «Դալիլօ»ն, «Վարդերի հետ»ը եւ «Նանօր»ը: Այս երեքը ունին իրենց թեմաները (thème) ու անոնց ծաւալումն ու ուռճացումը (développement): Խուսափելու համար բառերու շեշտաւորումներու պարտադրանքէն, ան հնարամտութիւնը (astuce) ունեցաւ գործածելու բառմը, որպէս onomatopռe (Նահօր, Նահօր, Նահօր կամ Դալիլօ, Դալիլօ Դալիլօ), այսպէս ազատօրէն եւ անկաշկանդ յօրինելու երաժշտական նոր նախադասութիւններ, մնալով միշտ նոյն նիւթին շուրջ: Ուրեմն` նոր կառոյց թեման եւ իր ծաւալումն ու ուռճացումը (thème et son développement), արդիւնք` այլազանութիւն մէկ միաւորի շուրջ (variété dans l’unité):

Կանաչեան գտաւ նաեւ accord-ներու յաջորդականութեան իւրայատուկ շարք մը, tonal կամ modal, համապատասխան իր զգայնութեան:

Ինչ որ կը գրէի 1969-ի Կոմիտասի հարիւրամեակին, այժմ կ՛ուղղեմ իր հետեւորդին (disciple) որպէս եզրակացութիւն:

«Երաժշտական հագուստը զոր Բարսեղ Կանաչեան կարեց եւրոպական թեքնիքով` առանց կորսնցնելու որեւէ բան մեր երաժշտական ինքնատպութենէն ու ճկունութենէն, շատ վայելուչ եկաւ հայ երգին, իբրեւ հարսանեկան հալաւ»:

Այս մարզին մէջ աշակերտը գերազանցեց ուսուցիչը:

Անտիպ էջ մը երաժշտութեան 20-րդ դարու քուրմերէն Կարպիս Ափրիկեանէն`«Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի յիսնամեայ ղեկավարին

 

 

Նախորդը

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐԵՐՈՒ ԽԻՆԴ ՈՒ ԺՊԻՏ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԸՆԴՄԷՋԷՆ (ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ)

Յաջորդը

Ի ՊԷՏՍ ԶԱՐԳԱՑԵԼՈՑ (Տառադարձական հարցեր)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.