Կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի երէկ յայտնեց, որ նախարարութիւնը ներկայացուցած է աղբահանութեան ծրագիր մը, որ երեք փուլերէ կը բաղկանայ: Ան նշեց, որ ծովուն մէջ, գետնի վրայ եւ ըմպելի ջուրերուն մէջ հարց կայ, որ հետեւանք է 50 տարուան կուտակումին, իսկ այսօր մենք անկարող ենք յապաղումը շարունակել:
Ֆատի Ժրայսաթի յայտնեց, որ պէտք է աղբահանումի ծրագիրին սկսիլ բնակարաններուն մէջ աղբը տեսակաւորելով:
Ան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի գարշահոտին պատճառը թափօններու թաղման վայր չէ, այլ` կոյաջուրերը:



