Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

June 24, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 23 յունիսին,  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն ելլելու տօնն էր, որ նաեւ կը զուգադիպէր Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին: Առ այդ, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ

Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Ան նկատել տուաւ, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ եկեղեցւոյ կարեւորագոյն սուրբերէն մէկն է, որովհետեւ իր օրով եւ իր հրաշքին ճամբով մենք 301 թուին դարձանք քրիստոնեայ եւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը ընդունուեցաւ իբրեւ պետական կրօն:

Հայր սուրբը անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կեանքին, անոր Խոր վիրապ մտնելուն եւ ապա Տրդատ թագաւորի հրամանով դուրս բերուելուն` Տրդատը բժշկելու համար: «Այս պատմութիւնը մենք պէտք է լսենք հաւատքով: Մենք մոռցած ենք մեր սուրբերը եւ աւելի կարեւորութիւն կու տանք օտար սուրբերուն, որոնք մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ աւելի յարգի են, քան մեր սուրբերը» հաստատեց  Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` շեշտելով, որ մեր սուրբերը իրենց կեանքը զոհեցին քրիստոնէութեան համար: Շարունակելով իր խօսքը` հայր սուրբը շեշտեց, որ մենք մեր ունեցածին արժէքը չենք գիտնար, սակայն երբ կորսնցնենք զայն, այն ատեն կը գիտակցինք անոր կարեւորութեան:

Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան հարց տուաւ, թէ արդեօք պարզ մարդ մը պիտի կարենա՞ր երկար տարիներ մնալ Խոր Վիրապին մէջ, եթէ Աստուած զինք չկերակրէր կամ չխնամէր, հետեւաբար ան սուրբ էր, որ դիմացաւ այդ չարչարանքին: «Եթէ մենք մեր սուրբերը չյարգենք կամ անոնց չաղօթենք, ուրիշները պիտի չաղօթեն անոնց: Եթէ մենք փորձենք մեր սուրբերը հրաւիրել մեր կեանքերուն մէջ, պիտի տեսնենք, որ անոնք նոյն զօրութիւնը եւ երբեմն աւելին ունին, քան օտար սուրբերը, սակայն կարեւորը մեր հաւատքն է անոնց նկատմամբ», շեշտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:

Անդրադառնալով հոգեւորականներու առաքելութեան, որ ազգին անշահախնդիր ծառայութիւնն է, հայր սուրբը վեր առաւ  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեանի քահանայական վաստակը` հաստատելով, որ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, գնահատելով քահանայ հօր կատարած աշխատանքը, խնդրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսէն, որ ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք շնորհէ քահանայ հօր: Վեհափառ հայրապետը, ընդառաջելով սրբազան հօր խնդրանքին, ուղարկած է սրբատառ կոնդակը, ըստ որուն քահանայ հօր պիտի շնորհուէր ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք: «Հոգեւորականի չափանիշը ժողովուրդի սէրն ու յարգանքն է եւ անոր յաջողութիւնը ժողովուրդին իր կողքին կանգնիլն է», շեշտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան եւ կարդալէ ետք կոնդակը  յանձնեց փիլոնը Ռուբէն քհնյ. Միսիսեանին` շնորհաւորելով զինք եւ մաղթելով, որ ան իր ծառայութիւնը առաւել եւս ծաղկեցնէ եւ պայծառացնէ Զահլէի հաւատաւոր ժողովուրդին համար:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Եւ Սրբոց Գայեանեանց Կոյսերու Տօնի Նշում

Յաջորդը

Անդրադարձ. Անկեղծութի՞ւն, Թէ՞ Հետեւանքէն Զգուշացում

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.