Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԱԶԳԱՆՊԱՍՏ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆՑ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

December 22, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամանորեան ազգանպաստ նախաձեռնութեանց ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ գեղանկարիչ Լիւսի Թիւթիւնճեանի գործերու ցուցահանդէսին:

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան ողջունեց ներկաները` պաշտօնապէս բացուած յայտարարելով ցուցահանդէսը: Ան վեր առաւ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի արժանիքներն ու անոր արուեստին իւրայատուկ գիծերը:

«Երկար տարիներու արգասիքը եղող այս գործերու վաճառման հասոյթը պիտի յատկացուի կարիքաւոր հայ փոքրիկներուն իբրեւ կաղանդչէք, եւ կաղանդի սեմին մեր այս ուրախութիւնը ինքնանպատակ չէ», ընդգծեց Հաւաթեան: «Թիւթիւնճեանի հարազատներուն, բարեկամներուն եւ սիրելիներուն հետ ամանորեան այս ջերմ մթնոլորտս ինչպէս կը նկատէք, իւրայատուկ երանգ մը ստացած է, շարունակեց Հաւաթեան` նշելով, որ փոքր չափի իւղաներկ թէ ջրաներկ գեղանկարչական արուեստի գործերը իրագործուած են վերջին ամիսներուն:

Ապա Հաւաթեան խօսքը փոխանցեց Լիբանան նոր ժամանած, նոյնպէս ծանօթ արուեստագէտ Արշօ Թիւթիւնճեանին` այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցելու համար:

Արշօ Թիւթիւնճեան իր կարգին խիստ բարձր գնահատեց Լիւսի Թիւթիւնճեանի գործերը` ընդգծելով, որ ան կը յատկանշուի իր դիմանկարներու, կիսանդրիներու, բնանկարներ շքեղագոյն դրսեւորումի արուեստով: Ապա ան վերյիշեց, թէ ինչպէս լիբանանեան պատերազմի դառնացող օրերուն` 1975-ին, իբրեւ դրացի, պահը պահին սրտատրոփ կ՛ապրէին իրենց տուներու եւ ինչքերու կողոպուտի վախը: Հակառակ այդ ճգնաժամային պահերուն, սակայն, «Լիւսին վրձինը ձեռքին կը գծէր, ու երբ աւելի ուշ փորձեց փոփոխութիւն մտցնել, թոյլ չտուի ըսելով` ձգէ՛ այնպէս, ինչպէս որ օրին գծած ես, շեշտեց Արշօ Թիւթիւնճեան:

Այս առիթով Լիւսի Թիւթիւնճեան խոր շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի իրագործման նպաստողներուն: «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով` ան յայտնեց, թէ արուեստի ճամբով կ՛արտայայտէ այն, ինչ որ կը զգայ: Իր գործերը, ուր տիրական են երեխաները, կինն ու բնութիւնը` իբրեւ գլխաւոր նիւթ, բնական մղումն են արուեստի իր ներաշխարհի պոռթկումներուն:

Տասնամեակներու արգասիքը եղող Թիւթիւնճեանի արուեստի այդ գործերը կը յատկանշուին իւղաներկ, պարզ ու խօսուն տեսարաններով` փոխանցելով իր հարազատ զգացումները:

Արուեստագէտ երիտասարդ սերունդին պատգամ մը փոխանցելու գծով հարցումի մը պատասխանելով` Լիւսի Թիւթիւնճեան ըսաւ. «Այս օրերուն ու ներկայ պայմաններուն դժուար է ստեղծագործել, սակայն ես կը հաւատամ, որ եթէ երիտասարդ արուեստագէտ մը իր մէջ ունի ստեղծագործելու, գծելու բնատուր ձիրքն ու կամքը, անպայման որ կը յաջողի»: Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հարցումի մը պատասխանելով` Լիւսի Թիւթիւնճեան պատրաստակամութիւն յայտնեց այդ մասին ստեղծագործելու, «թէեւ այդ դառն փորձառութիւնը անձնապէս չեմ ապրած», եզրափակեց ան:

 

 

Նախորդը

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱՂԱՆԴԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

Յաջորդը

ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.